Նախարար Սապունճեան Հովանաւորեց Նորարարութեան Վկայագիրներու Հաստատումը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան հովանաւորեց Հնարքներու եւ արհեստագիտութեան կեդրոնին կողմէ  նորարարութեան վկայագիրներու հաստատումին յատուկ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի ուսումնասիրութեան հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆրըն, նախկին նախարար Էլիաս Հաննա, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, ներդրումի քաջալերման «Իտալ» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Նեպիլ Իթանի, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու լրագրողներ:

Հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ հնարքներու եւ արհեստագիտութեան պարագային Լիբանան կ՛ապրի բարգաւաճման հանգրուան մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի կ՛ըլլայ կեդրոնանալ լիբանանեան ճարտարարուեստին աշխուժացման եւ ֆինանսաւորման վրայ:

Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ Լիբանանի նկատմամբ եւրոպական երկիրներուն քաղաքականութիւնը հաստատ է եւ նկատի ունենալով, որ լիբանանցի երիտասարդներուն մեծ տոկոսը Եւրոպայի մէջ կ՛ուսանի, ապա կարելի է ձգտիլ եւրոպական չափանիշներով հնարքներու եւ ստեղծագործութիւններու իրագործումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES