Վարչապետ Միքաթի Կը Շեշտէ Լիբանանեան Զբօսաշրջութիւնը Ծանուցելու Անհրաժեշտութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ամրան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին բարելաւման վերաբերող հանդիպումի մը, որ կը կրէր «Ի՞նչ կայ Լիբանանի մէջ» խորագիրը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, վարչապետին կինը` Մայ Միքաթի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, Լիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի տնօրէն Մոհամետ Շքէյր, Զբօսաշրջիկական հաստատութեանց համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, Ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային վայրերու եւ անուշավաճառներու սենտիքայի նախագահ Փոլ Արիս եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ եւ արուեստագէտներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը ծանուցելու հեռանկարները` ընդգծելով Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը:
Միքաթի յայտնեց, որ արաբական երկիրներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին անոնք անհրաժեշտ նկատած են ծանուցել Լիբանանի զբօսաշրջութեան մասին: Ան լրատուամիջոցներէն եւ տեղեկատուութեան մարզէն խնդրեց օժանդակել` լիբանանեան զբօսաշրջութեան ընդարձակ քարոզարշաւ մը կատարելու, յատկապէս Ռամատանի ընթացքին, որպէսզի անոնք այդ շրջանին Լիբանան այցելեն:
Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ իրենք կը միտին մարդոց ենթագիտակցութենէն ջնջել Լիբանանի հետ ուղղակի առնչուող պատերազմական տեսարանները:
Իր կարգին, նախարար Տաուք կոչ ուղղեց լրագրողներուն Լիբանանի թերութիւնները լուսարձակի տակ չառնելու տեղեկատուութեան մարզին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց օգտուելու այս նախաձեռնութենէն եւ ներկայացնելու Լիբանանի գեղեցկութիւնն ու առաւելութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր` Թոնի Ֆրենժիէի եւ անոր ընտանիքին անդամներուն նահատակութեան 34-րդ տարելիցին առիթով:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Թոնի Ֆրենժիէի եւ անոր ընտանիքին նահատակութեամբ լիբանանցիները աւելի եւս կառչած մնացին իրենց ազգային միասնականութեան: «Թոնի Ֆրենժիէի ազգային գաղափարներուն շնորհիւ Լիբանան ապրեցաւ իր նոր զարթօնքը, եւ անկէ ետք դուք կրցաք շրջանցել սպանդի ահաւոր տարողութիւնը եւ ստանձնեցիք աշխատանքը` շարունակելով հսկել լիբանանեան միասնականութեան եւ երկրին ապահովութեան ու գերիշխանութեան», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետը շեշտեց, որ Էհտենի սպանդին տխուր առիթով եւ կսկիծով կոչ կ՛ուղղէ ամրապնդելու երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու սադրանքները:

