Պըրրի. «Այս Հանգրուանին Երկխօսութիւնը Դարձած Է Անհրաժեշտութիւն Եւ Ոչ Թէ Կարիք»

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու դաւադրական ծրագիր մը կայ, որ կը պատրաստուի Իսրայէլի կողմէ` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող զարգացումները:

Ան շեշտեց, որ այդ դաւադրութեան ընդդիմանալու միակ միջոցն է կառչած մնալ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ ամրապնդել զայն: «2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին, Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան զօրութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութիւնը փաստեցին, որ իրենք են երաշխիքը` Լիբանանին ու լիբանանցիին փրկութեան», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրի ընդգծեց, որ այս հանգրուանին տիրող պայմաններուն լոյսին տակ մենք կը գիտակցինք, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը դարձած է անհրաժեշտութիւն եւ ոչ թէ կարիք:

«Հակառակ երկխօսութեան նիստին յաջողութեան եւ հոն տիրող դրական մթնոլորտին, ես խոցելի եւ ժխտական կը գտնեմ այդ նիստէն սպրդած տեղեկութիւնները: Եթէ մենք կը փափաքինք Ազգային երկխօսութեան նիստին ատենագրութիւնները հրապարակել, ապա ինչո՞ւ դռնփակ նիստեր գումարենք», հարց տուաւ Պըրրի:

Ան կոչ ուղղեց այս իրականութեան հետ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ վարուելու` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ջանքերն ու ճիգերը միասնականացնել` Լիբանանը փրկելու համար զինք թիրախ դարձնող ծրագիրէն:

Անդրադառնալով կառավարութեան` Պըրրի դրուատեց կառավարութեան աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ջանքերը, շեշտելով, որ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ երկրին պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումին:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը անպայման յաջողութիւն պիտի արձանագրէ, եւ բոլորս պէտք է ջանք թափենք այդ նիստին յաջողութեան ուղղութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու, եթէ այդ ռազմավարութիւնը պիտի ամրապնդէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES