Նախագահ Սլէյման Փոխվարչապետին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց Ուատի Խալետի մէջ առեւանգուած քաղաքացիներուն ազատ արձակումին համար: Ան շեշտեց, որ ժխտական բոլոր աշխատանքներն ու արարքները պէտք է կասեցնել` վերջ տալու համար երկրին մէջ տիրող լարուածութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է անպայման պահպանել Լիբանանի կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` Լիբանանը հեռու պահելու համար շրջանին մէջ տիրող զարգացումներուն հետեւանքներէն:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց տիրող ներկայ իրադարձութիւններն ու նախարարական յանձնախումբերուն ստանձնած պարտականութիւնները, յատկապէս այն յանձնախումբերը, որոնք կ՛ուսումնասիրեն բանտերուն վիճակը բարելաւելու եւ Ժալ էլ Տիպի կամուրջը վերահաստատելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխաններ Միշել Ֆարաոնը, Մոհամետ Քապպանին եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր եւ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող խնդիրներ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Ազգային երկխօսութեան նիստէն բխած «Պաապտայի յայտարարութիւնը», որմէ օրինակներ յղուած էին Արաբական լիկային եւ ՄԱԿ-ին:


