«Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Միակ Միջոցը Վստահութեան Ամրապնդումն Է» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Էյման Կիլմոր

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ձգձգուած տագնապներու լուծման հարցին մէջ յառաջընթացը ԵԱՀԿ-ի մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնն է:

Ան աւելցուցած է, որ լուծման հարցին մէջ յառաջընթացի հասնելու այժմէականութիւնը այժմ աւելցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ լարուածութեան լոյսին տակ:

Նախարարը անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին նշած է, որ նախ եւ առաջ պէտք է բռնարարքները դադրին, որովհետեւ տագնապի ուժային լուծում կարելի չէ: «(Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ) իմ հանդիպումներուս ընթացքին ես կողմերուն եւ տագնապի բոլոր մասնակիցներուն կոչ պիտի ուղղեմ զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն կամ ատոր սպառնալիքէն ու պատասխան գործողութիւններէն: Վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ հետագային զոհերէ զերծ մնալու համար կարեւոր քայլեր են շփման գիծէն արձակազէններու հեռացումն ու միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի շուրջ համաձայնութիւնը, որուն ԵԱՀԿ-ը բազմիցս կոչ ուղղած է», ըսած է ան:

Ըստ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին, քաղաքական ամէնէն բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու յստակ գործողութիւններով կեանքի կոչումը կարեւոր է:

«Իրլանտայի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարբեր մարզերու մէջ քայլերու համադրութիւնը իրական յառաջընթացի հասնելու կ՛օգնէ: Սակայն ասիկա կողմերու համարձակութիւնը կը պահանջէ», ըսած է նախարարը:

Ըստ Կիլմորի, տագնապի կայուն լուծման միակ միջոցը վստահութեան ամրապնդումն է, որուն համար ժամանակ եւ կողմերու ջանքերը պէտք են:

 

Share this Article
CATEGORIES