Վարդան Օսկանեան Հրաժարած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Ցուցմունք Տալէն

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ, ինչպէս խոստացած էր, հերթական գրառում կատարած է, որ կրկին կը վերաբերի իր դէմ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քննութեան: «Այսօր կրկին հրաւիրուել էի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն` ցուցմունք տալու: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան երէկ տարածած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնից ակնյայտ էր, որ յարուցուած քրէական գործի շրջանակում ես հարցաքննւում եմ ոչ թէ որպէս վկայ, այլ` կասկածեալ: Սա նկատի ունենալով` ես որոշեցի օգտուել իմ սահմանադրական իրաւունքից եւ ցուցմունք չտալ», գրած է Օսկանեան:

Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային քննչական վարչութեան կողմէ 25 մայիս 2012-ին յարուցուած է քրէական գործ` յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով եկամուտները օրինականացնելու (փողեր լուալ) դէպքով, նախատեսուած Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտի յատկանիշներով:

Ինքը` Օսկանեան, կը նկատէ, որ ասիկա քաղաքական հետապնդում է իրեն հանդէպ: «Ինձ համար զարմանալի եւ տարօրինակ է, որ իմ եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի գործունէութիւնը որեւէ կերպ կարող է շաղկապուել յանցաւոր եւ անօրինական փողերի հետ: Առաւել զարմանալի է, որ նման հարց առաջ է քաշւում հէնց այն ժամանակ, երբ ես ներգրաւուել եմ քաղաքական գործընթացներում: Ակնյայտ է, որ յարուցուած քրէական գործի յետեւում քաղաքական պատուէր կայ», աւելի առաջ յայտարարած էր ան:

Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքին համաձայն` նշուած յօդուածով կը նախատեսուի 6-12 տարի ազատազրկում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES