Չինաստանի Պետական Խորհուրդի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Վարչապետ Սարգսեանը

Չինաստանի դեսպանը եւ վարչապետ Սարգսեան

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Չանչունը: Դեսպանը Տիգրան Սարգսեանին  փոխանցեց Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ Վեն Ցզիա Պաոյի շնորհաւորական ուղերձը` Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին համար Սարգսեանի վերանշանակուելուն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակին առիթով:

Ուղերձին մէջ ըսուած է, որ Չինաստանի կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ-չինական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանը կ՛ընդունի իբրեւ մեծ բարեկամ ու լաւ գործընկեր: Չինական կողմը բարձր կը գնահատէ վարչապետ Սարգսեանի մեծ ներդրումը եւ աջակցութիւնը հայ-չինական յարաբերութիւններու եւ երկկողմանի գործարար միջավայրի զարգացման գործին մէջ: «Նշելով հայ-չինական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը, ես պատրաստ եմ ձեզի հետ միասին ջանքեր գործադրել հայ-չինական յարաբերութիւններու եւ բոլոր մարզերուն մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հարցերուն  մէջ նոր յաջողութիւններ արձանագրելու ուղղութեամբ», նշուած է ուղերձին մէջ:

Չինաստանի դեսպանը վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկային եւս երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը յաջողութեամբ պիտի զարգանայ տարբեր մարզերուն մէջ: Թիան Չանչուն տեղեկացուց, որ ներկայիս ընթացքի մէջ են Երեւանի մէջ չինական դպրոցի բացման աշխատանքները, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ չինարէնի տարածման ու զարգացման:

Share this Article
CATEGORIES