Յովիկ Աբրահամեան Խորհրդակցութեան Կը Հրաւիրէ Խորհրդարանական Խմբակցութեանց Ղեկավարները
«Հայկական Ժամանակ» թերթը կը գրէ, որ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները նախանցեալ օր խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ` որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ձեւաւորուին Ազգային ժողովի միջազգային պատուիրակութիւնները:
Մօտ երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք, սակայն, կողմերը ոչ մէկ որոշումի յաջողած էին յանգիլ: Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան պահանջեցին, որ բոլոր պատուիրակութիւններուն մէջ իրենք ներկայացուած ըլլան իրենց 5-ական պատգամաւորներով: Իսկ Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ հարցը պէտք է քննարկուի իրենց խմբակցութեան մէջ, եւ յետոյ պիտի ներկայացուի քոնկրեսի տեսակէտը:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ սոյն հարցով յաջորդ հանդիպումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ: Փոխարէնը, արդէն ամբողջութեամբ ձեւաւորուած են Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերը: Կը մնայ, որ անոնք նիստ գումարեն եւ փոխնախագահներ ընտրեն: Չի բացառուիր, որ ատիկա տեղի ունենայ այս շաբաթ:
Իսկ մինչ այդ` անորոշ կը մնայ նաեւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարին հարցը: Աշխատակազմին մէջ լարուած կը սպասեն, թէ ե՛րբ Յովիկ Աբրահամեան աշխատանքէն ազատ պիտի կացուցէ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Վրէժ Գասպարեանը եւ զո՛վ պիտի նշանակէ անոր փոխարէն: Կ՛ակնկալուէր, որ այդ փոփոխութիւնը տեղի ունենար տակաւին անցեալ շաբաթ: Աբրահամեան, սակայն, անհասկնալի պատճառներով կը յապաղի:
Թերթը կը տեղեկացնէ, որ ամէն պարագայի, Վրէժ Գասպարեանի հետագայ պաշտօնավարումը այնքան ալ ձեռնտու չէ իշխանութեան, քանի որ ան խիստ խոցելի դէմք է: Այս ընթացքին կայքերէն մէկուն մէջ խայտառակ մանրամասնութիւններ հրապարակուած են Գասպարեանի կենսագրութեան մասին, ուր կը խօսուի մեծ գումարներու շորթման եւ այլ օրինազանցութիւններու մասին, որոնց, ըստ հրապարակման, արդէն ծանօթ են նաեւ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմին մէջ:


