ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ – Բ.- ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2011, ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Այս տարուան սկիզբը Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակներ Պէյրութէն» գիրքի գինեձօնը, որ կազմակերպուած էր հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ:
Ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Վաչէ Սեմերճեան, Աւետիս Տեմիրճեան, Ա. Յարութիւնեանի թոռնուհին` Տանիէլ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին դոկտ. Սիլվա Գարայեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան: Ս. Գարայեան ներկայացուց Ա. Յարութիւնեան Հայ մարդը:
Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք Ս. Մահսէրէճեանի արտասանած խօսքին գլխաւոր բաժինները` քաղուածաբար:
Նախ եւ առաջ ողջոյնի խօսք ունիմ «Նամակներ Պէյրութէն-Բ.» հատորի հեղինակ Արմէն Յարութիւնեանին, որուն նամակներու այս երկրորդ շարքը առիթ ստեղծած է մեզի համախմբուելու այս սրահին մէջ: Ողջոյնի ու շնորհակալութեան խօսք` նաեւ Թէքէեան ու Այնթապի մշակութային միութիւններուն, որոնք գործակցաբար կազմակերպած են երեկոն` յարգելու համար հայ գրող մը եւ անոր գրական մէկ հունձքը:
Գիրքին խորագիրը որոշ բացատրութիւն կու տայ բովանդակութեան մասին. սա հեղինակին գրութիւններուն երկրորդ փունջն է, որ կը ներկայացուի հատորով: Ան իր յօդուածները` քրոնիկները կը նախընտրէ կոչել ՆԱՄԱԿ: Կը յուսանք, որ այս հատորը յաջորդներ ալ ունենայ, որովհետեւ անոնք, որոնք կը հետեւին «նամակներ»ուն, գիտեն, որ անոնց թիւը ցարդ ներկայացուածէն շատ աւելի են:
Նախ քանի մը խօսք` «արտաքին»ին մասին, այսինքն` գիրքը կարդալէ առաջ, երբ զայն ձեռք կ՛առնենք ու արագ ակնարկ մը կը նետենք, կը ստանանք հետեւեալ տեղեկութիւնները: Գիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2010-ին, կը տարածուի 376 էջերու վրայ, կը բովանդակէ հարիւր նամակ, որոնք կը կրեն 101-էն 200 թիւերը: Շարքը կը սկսի 4 օգոստոս 2002-էն, կը հասնի դեկտեմեր 2004-ի: Այսինքն` գրիչի մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարուան արգասիք:
200 նամակները, յառաջաբանին ու բացատրականին հետ, կը գրաւեն 338 էջ: Կը յաջորդէ յաւելուած մը, ուր տեղ գտած են նամակներու առաջին շարքին մասին գրախօսականներ, արձագանգներ, գինեձօնին առիթով գրութիւններ:
Հեղինակը հատորը ձօնած է կնոջ` Միմիին:
Գիրքը ունի խմբագիր` տոքթ. Երուանդ Քասունին, Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնի նախկին վարիչ ու «Ջանասէր»ի խմբագիր: Հայագիտութեան ու հայ գիրի երախտաւոր մը: Աւարտին, կայ գիրքերու ցուցակ մը` 36 անուն գիրք, որոնք լոյս տեսած են Յարութիւն եւ Միմի Արմէնեաններու մեկենասութեամբ: Գրող ըլլալէ առաջ, գիրք քաջալերող է ուրեմն: Անմիջապէս ըսենք, որ Արմէն Յարութիւնեան ինքզինք իբրեւ գրող չի ներկայացներ, սակայն վստահաբար գրող է, տագնապող գրող, նաեւ` տագնապներու լուծումներուն մասին կարծիք արտայայտող գրող, որ իր նկատողութիւնները, տպաւորութիւններն ու մտածումները թուղթին կը յանձնէ իբրեւ նամակագիր:
Քանի մը խօսք` նամակներուն բնոյթին ու բովանդակութեան մասին. նախ ըսեմ, որ գիրքին մասին պիտի չկարենամ ըսել այն բոլոր բաները, որոնք պիտի ուզէի ըսել. տամ գոնէ երկու պատճառ. Ա.- Գիրքին բնոյթը, նիւթերու ներկայացման ձեւը այնպիսին է, այնքան առատ նիւթ կայ հոն, որ կարելի չէ քանի մը վայրկեանի մէջ անդրադառնալ բոլորին. ի վերջոյ վէպ չէ, թատրոն չէ, ոչ ալ` պատմուածք կամ պոէմ-բանաստեղծութիւն, այլ` օրը օրին, իրադարձութեանց ու դէպքերու մասին արագ արձագանգումներ, հակազդեցութիւններ, երբեմն մէկ կամ քանի մը տողով կատարուած մատնանշումներ: Բ.- Եթէ մինչեւ իսկ կարելիութիւնը ունենայի բոլոր ուզածներս արտայայտելու, ետ պիտի մնայի այդպէս ընելէ, որովհետեւ ընթերցողին բաժին պիտի չմնար…: Ուրեմն` ահա քանի մը գիծ եւ նշում:
Հաւանաբար հեղինակը` Արմէն Յարութիւնեան, ինք ալ պիտի զարմանայ, եթէ ըսեմ, որ մեծ մասամբ սիրային նամակներ են: Բայց սիրայինը պէտք չէ առնէք իր ընկալեալ, դասական իմաստով, այսինքն` իրարու սիրահարած անձի մը եւ անձուհիի մը միջեւ փոխանակուած գրութիւններու իմաստով: Չէ՞ք լսած, որ մարդ կրնայ բնութեա՛ն սիրահար ըլլալ, երաժշտութեա՛ն սիրահար ըլլալ, կամ տակաւին, սիրահարած ըլլայ իր հայրենիքին, ժողովուրդին, լեզուին, մշակոյթին: Մանրամասնելով` ըսեմ, որ մեր լեզուին իր սիրահարութիւնը արտայայտութիւն գտած է աղուոր հայերէնով մը. ան չ՛ուզեր, որ մեր գեղեցիկ բառերը բանտարկուած մնան բառարաններու մէջ, այլ զանոնք կ՛օգտագործէ տեղին. աւելի՛ն, ան նաեւ նորարարութիւններու հետամուտ է, կ՛աշխատի նոր բառեր ստեղծել. քանիցս գործածած է «բլթակել» բառը, անգլերէն trigger բառէն. ինծի համար նորութիւն էր այս բառը, եւ լաւ նորութիւն, ինչպէս որ ըրած են մամուլի մեր ծառայողները` օտարաբանութիւններէ խուսափելու եւ մեր լեզուն նոր բառերով հարստացնելու համար:
Ահաւասիկ այս տեսակի սիրահարութեան արտայայտութիւններ են Արմէն Յարութիւնեանի նամակները: Ըսել կ՛ուզեմ` գործ ունինք հեղինակի մը հետ, որ մանկութենէն սկսեալ սիրահարած է մեր մշակոյթին, եկեղեցւոյ (սարկաւագ եղած է), սիրահարած է մեր լեզուին, զոր կը սիրէ պաշտելու չափ, սիրահարած է միութիւններուն, մանաւանդ ՀԲԸՄ-ին, որոնց հանդէպ իր սէրը յաճախ կ՛արտայայտուին կսմիթներով ու սլաքներով (արաբերէն խօսք մը կայ. տարպեթ հապիպ, զըպիպ, որ թարգմանի` սիրածէդ հասած հարուածը չամիչի պէս համով կ՛ըլլայ): Տակաւին, սիրահարած է մեր երգին, մանկութենէն իբրեւ աւանդ իրեն փոխանցուած ու այսօր ծաղկող-խամրող մեր երգին: Մէկ խօսքով, այս էջերը կը մատնեն խորունկ սէր մը, պաշտամունք մը` բոլոր այն բաներուն հանդէպ, որոնք կը մարմնաւորուին հայկականութիւն հասկացութեամբ:
Հոս կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ` պատմելու համար դրուագ մը, թէ ինչպէ՛ս ծանօթացած եմ Արմէն Յարութիւնեանին, Պէյրութի մէջ, 90-ականներու կէսերուն: Մեր ծանօթացման «միջնորդը» Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանն էր, իմ եւ իր մանկութեան դպրոցը` անոր յուշամատեանին ճամբով: Գիտէի, որ մօտ 20 տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր յուշամատեանին լոյս ընծայման համար, Արմէնը, օրինակ մը ձեռքին, բարեկամի մը ընկերակցութեամբ եկաւ աւետելու, որ լոյս տեսած է հատորը: Չեմ գիտեր, թէ անոր լոյս ընծայման մէջ ինք քրտինքի որքա՞ն բաժին ունի, բայց գիտեմ, որ տարածման մէջ մեծ է իր դերը: Մեր հանդիպումի սկզբնաւորումէն քանի մը վայրկեան ետք, ու իբրեւ միջնորդ ունենալով հատորի լուսանկարներուն մէջ եղող քանի մը սերունդ կրթասիրացականները` ընտանեկան հարազատներ կամ ուսուցիչներ, իրարու հետ արդէն կը խօսէինք այնպիսի մտերմութեամբ մը, որ կարծէք տասնամեակներու ծանօթներ ըլլայինք: Խօսակցութեան ոճը անմիջական էր, հաղորդական, անկեղծ ու մտերմիկ, շուտով անոր միացան նաեւ զուարթախոհութիւնը, նուրբ կատակներն ու զուարճալիքները: Նոյնը` մեր յաջորդ մէկ քանի հանդիպումներուն: Փակագիծը գոցենք (ինչպէս կ՛ընէ հեղինակը` իր շատ մը գրութիւններուն մէջ): Հիմա ըսեմ, թէ ինչո՛ւ պատմեցի այս յուշը: Որովհետեւ գրութիւններուն մէջ դուք պիտի զգաք իր այս անմիջականութիւնն ու ջերմ հաղորդականութիւնը. Արմէնը մարդ մըն է, որ կը գրէ այնպէս, ինչպէս պիտի զրուցէր ձեզի հետ, ամենայն պարզութեամբ, մտերմութեամբ, առանց յետին հաշիւներու կամ պարտադրեալ քաղաքավարութեան (թէեւ շատ լաւ գիտէ, որ մարդկօրէն ո՛ւր կը հասնին քաղաքավարութեան կամ կսմթելու սահմանները, կը մնայ հեռու վիրաւորանք պատճառելէ):
Արժէքն ու արժանիքները այս գիրքին.- առաջին հատորին հրատարակութեան առիթով, նաեւ մամուլի մէջ ցրուած նմանօրինակ յօդուածներու եւ գրութիւններու հաւաքագրման առիթներով ըսուած է, մենք ալ կրկնենք, որ հիմնականին մէջ մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկելու կը ծառայեն նման հատորներ: Մեր գրողներէն շատեր նախ արտայայտուած են մամուլի էջերէն, քիչերու վիճակուած է գրութիւնները, մասամբ կամ ամբողջութեամբ, հաւաքել ու ներկայացնել հատորով: Արմէն Յարութիւնեան այս իմաստով բախտաւոր է, սակայն կը կիրարկէ «բախտդ քու ձեռքովդ կը կերտես» սկզբունքը:
Գրութիւնները մեծ մասամբ հակազդեցութիւն են, կամ արձագանգ են առօրեայ իրադարձութիւններու եւ ոչ թէ անպայման երկարօրէն կանխամտածուած ու ծրագրուած գրութիւններ, թէեւ կանխամտածուած էջեր ալ կան, ինչպէս` Պոլիս իր այցելութենէն յիշատակներ ու տպաւորութիւններ: Նամակներուն մէջ ան ունի խօսակիցներ` սկսելով իր անձէն, անցնելով միութեանց, ձայնասփիւռ ու մամլոյ պատասխանատուներէ, հոգեւոր ու աշխարհիկ իշխանութիւններէ, ու հասնելով հոն, ուր հայ կայ ու հայօրէն հարցեր դիմագրաւել կայ:
Նամակները ունին վաւերագրական բնոյթ, հոգ չէ թէ անոնք ընդհանրապէս արագ նշումներ, ակնարկներ ու մատնանշումներ են: Հոն կարելի է գտնել նաեւ ինքնակենսագրական պատառիկներ:
Նիւթի ընտրութիւնը կը կատարէ օրուան հարցերէն. խորքին մէջ, յաճախ նիւթը զինք կը գտնէ, եւ ոչ թէ ինք նիւթ կ՛որոնէ: Կը դիտէ չորս դին, ձեռքը կը խոթէ առօրեայի տոպրակին մէջ եւ կ՛ընտրէ իր ուզածը: Օրինակի համար, մեր առօրեային մէջ կը նկատէ երեւոյթ մը, կը նկատէ դէպք մը, որոշում մը, գիտաժողով մը, թերութիւն մը եւ մասամբ նորին: Ինքն իրեն տուած է պարտականութիւնը արձագանգ ըլլալու այդ պատահարներուն, ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ անոնց մասին. այդ կեցուածքին հիմերը նոյնինքն իր արմատներուն ու ազգային աւանդներուն հաւատարիմ հայու իր կազմաւորումն են, որոնց մէջ դեր ունեցած են ընտանիքը, նախակրթարանը` Կրթասիրացը, իր համբաւաւոր ուսուցիչներով, Պետրոս ու Յովակիմ խոճաներով, յետոյ նաեւ Ալեփօ քոլեճը եւ դասընկերները, հալէպեան ու պէյրութեան հայ կեանքը` իր մամուլով, մշակութային միութիւններով ու հայկականութեամբ: (Իրեն պէս շատեր կը նկատեն բայց չեն գրեր, կամ իրենք իրենց չեն տար Ա. Յարութիւնեանի պէս համարձակօրէն գրելու իրաւունքը):
Պայման չէ, որ իւրաքանչիւր նամակ միայն մէկ նիւթ շօշափէ: Կրնայ քանի մը նիւթ, քանի մը հարց արծարծել նոյն սիւնակին մէջ, սակայն յաճախ կը նկատէք, որ անկապակից թուացող հատուածներուն միջեւ ներքին կապ մը կայ, անուղղակի կապ մը:
Երգիծանքը կարեւոր մէկ տարրն է այս նամակներուն, երբեմն թեթեւ, յաճախ նաեւ սուր. Պարոնեանի, Օտեանի ու Լեռ Կամսարի մէկ աշակերտը ըլլար կարծես:
Մեր ազգային ժամանակակից կեանքը, Հայաստանով թէ սփիւռքեան օճախներով, որոշ հայելի մը կը գտնեն այս հատորի էջերուն մէջ: Մեր հասարակական ցաւերուն ճիչը կը լսէք հոն, ցաւեր, որոնք կը ծնին դպրոցներու որակական ու քանակական նահանջներէն, Մելքոնեան վարժարանի ոդիսականէն, Հայաստանի մէջ արձանագրուող վերիվայրումներէն, մեր Դատին նկատմամբ պետական իշխանութեանց դրսեւորած կրաւորականութենէն կամ անոր շուրջ քաղաքականութիւն խաղալու փորձութիւններէն:
Թէեւ կեանքին մեծագոյն մասը ապրած է Հալէպ ու Պէյրութ, սակայն անոր ռատարները չեն սահմանափակուած միջինարեւելեան այդ օճախներով: Պայմաններու բերումով, ան վերջին տասնամեակներուն յաճախ գտնուած է Միացեալ Նահանգներ, առաւելաբար` Քալիֆորնիա, հետեւաբար անոր գրիչը ներգրաւուած է նաեւ ամերիկեան այս գաղութի հարցերուն մէջ: Սակայն ըսենք նաեւ, որ իր էջերը կը վկայեն, թէ Արմէնը անպայման պէտք չունի հայկական որոշ գաղութի մը մէջ ապրելու, որպէսզի աղերսակից ըլլայ անոր լաւ ու տժգոյն երեսներուն: Ան մամուլի ճամբով (տեղ մը գրած է, թէ տասնեակներով թերթերու դէզեր կը ստանայ) մօտէն կը հետեւի Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, մինչեւ եւրոպական ոստաններ ու ամերիկաներ տարածուող մեր օճախներու հարցերուն, իր մագնիսը լարած է այդ գաղութներու կեանքի իրադարձութեանց ուղղութեամբ եւ ըստ այնմ ըսելիք ունի նուաճումի մը կամ ձախորդութեան մը մասին:
Աշխարհի անցեալի ու ներկայի իրադարձութիւններն ալ անտարբեր չեն ձգեր Արմէն Յարութիւնեանը: Իրաքի ու Միջին Արեւելքի զարգացումները կը դիտէ արդարութիւն պահանջողի մօտեցումով ու արդարութեան ոտնակոխման դէմ ընդվզումով: Վստահ եմ որ ան երկու տարի առաջ ափսոսաց, որ Ճորճ Պուշ չէր կրնար նախագահ վերընտրուիլ երրորդ անգամ, որովհետեւ անոր ձախաւերութիւններն ու ձաբռտուքները բազմիցս թիրախ դարձուցած է իր կսմիթներուն ու սլաքներուն: Միւս կողմէ, սակայն, վստահ եմ, որ ան հիմա շատ չ՛ափսոսար, որովհետեւ Օպամայի վարմունքը նոր ու առատ վառօդ կրնայ տրամադրել իր թնդանօթներուն…
Եթէ հատորին մասին նկատողութիւններու եւ նշումներու շարքը այսպէս շարունակեմ, պիտի խախտեմ սկիզբը տուած խոստումս. ըսի արդէն, որ նպատակս գիրքին մասին ամէն բան ըսել չէ, արծարծուած բոլոր հարցերուն ցուցակագրումը չէ, այլ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը շարժել գիրքին ու բովանդակած հարցերուն ուղղութեամբ:
Եզրակացնելու համար ըսեմ, որ Արմէն Յարութիւնեանի նամակները հեղինակին վերապահած են մօտաւորապէս այն դերը, զոր ինք տեսած է մանկութեան օրերու իրենց թաղին` Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի առաջին պաշտօնական պահակին մէջ. կը պատմէ, թէ Սեդրակ Էմմին` պահակը, գիշերները թաղերուն մէջ կը շրջագայէր ձեռքի գաւազանը գետին զարնելով ու բնակիչներուն հասկցնելով, թէ ինք հոն արթուն ներկայութիւն է: Ինքն ալ նոյնը կ՛ընէ ՆԱՄԱԿՆԵՐով եւ չ՛ակնկալեր, որ ընթերցողները ամէն հարցի մէջ համաձայն ըլլան իրեն:
Վարձքդ կատար, պրն. Արմէն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ