ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԿՈՆԴԱԿԸ
Պատուարժան Շրջանային վարչութիւն
Լիբանանի Օգնութեան Խաչի
Շրջանային վարչութեանդ 29 մարտ 1939 թուակիր դիմումնագրէն եւ անոր կցեալ 1937 յուլիս 2 – 1938 դեկտեմբեր 31 ժամանակաշրջանի տեղեկագրէն գոհունակութեամբ սրտի տեղեկացանք կազմակերպութեանդ կատարած բարեսիրական, կրթասիրական եւ առողջապահական գործունէութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ կարօտելոց մէջ:
Այս մասին Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Եղիշէ Ս. արք. Կարօեանէն եւս տեղեկութիւններ ստացած եւ մեր ուշադրութիւնը ձեր ազգասիրական ջանքերուն վրայ հրաւիրուած ըլլալով` փափաքեցանք ձեր հրապարակային գործունէութիւնները քաջալերել` ուղղելով ձեզի մեր հայրական գնահատանքը:
Աստուծոյ առջեւ ամէնէն ընդունելի եւ մարդոց առջեւ ամէնէն հաճոյ ծառայութիւնն է կարօտելոց օգնութիւնը, մերկերը ծածկել, հիւանդներուն դարման գտնել, չքաւոր մանուկներուն ուսումը դիւրացնել, աննեցուկներուն հասնիլ. բարեգործութիւններ, զորս աշխատած է կատարել Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւս իր սահմաններուն կարելի չափովը, իր գոյութեան քանի մը տարիներու ընթացքին եւ իր տասը մասնաճիւղերու եւ ութ հարիւրէ աւելի անդամներու միջոցաւ:
Բարեգործութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ զուգընթաց քալած է քրիստոնէական զգացումին հետ, Հայաստան աշխարհի լուսաւորութեան թուականէն ի վեր: Եւ ամէն դարու մէջ իրենց նշանակելի բարեգործութիւններով փայլած են հայ կանայք, որոնց համար բարեպաշտութիւնը գործնական իմաստ գտած է բարեգործութեան մէջ: Ըստ անոնց պատմական օրինակին, մենք մասնաւոր հաճոյքով դիտեցինք Օգնութեան խաչի կազմակերպութեանդ մէջ հայ տիկիններու եւ օրիորդներու վերապահուած գործունէութիւնները: Կանացի զգացմանց արտայայտութեան ամէնէն արդիւնաբեր դաշտն է գթութեան գործը: Ասիկա ասպարէզ մըն է, ուր կարելի չէ տեղ գտնել խտրութեան ոգիին:
Ու մենք վստահ ենք, որ Օգնութեան խաչի անդամուհիներ միշտ այդ կերպով կը վարուին իրենց գործունէութեան մէջ:
Ուստի, ներկայ հայրապետական օրհնութեան գրով կը հաստատենք Կեդրոնական վարչութեանդ որոշումը` տարուան ամէն Աւագ ուրբաթ օրը յայտարարելու ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐ(*) եւ այդ առթիւ ի նպաստ Օգնութեան խաչի հանգանակութիւններ ընելու հայ բարեսէր ժողովուրդին մէջ` ի կարգին այլ բարեսիրական հանգանակութեանց օրերուն, եւ կը յանձնարարենք Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն` չզլանալ իրենց օգնութիւնը, ամէն ոք իր կարողութեան չափով, յիշելով Փրկչին խօսքը, թէ` «Որովհետեւ այս փոքրիկ եղբայրներէս միոյն ըրիք, ինձ ըրիք»:
Կ՛օրհնենք հայ ժողովուրդին բոլոր մարդասիրական հաստատութիւնները եւ կրթական ձեռնարկները, կ՛օրհնենք հայ բարեպաշտ ժողովուրդը, որ դարերէ ի վեր միշտ պահած է իւր եկեղեցիները, դպրոցները, հիւանդանոցները եւ բարեգործական հաստատութիւնները եւ ներկայ տարագիր վիճակին մէջ իսկ սիրայօժար կը տրամադրէ իր լումաները յօգուտ անոնց:
Եւ հայցելով Ամենակալէն, որ հաստատիչն ու վարձատրողն է բոլոր բարի գործերուն, յաջողութիւն պարգեւէ ձեր ազգօգուտ ջանքերուն եւ իր անպակաս գանձերէն փոխարինէ բոլոր բարերարներու օժանդակութեանց:
Մնանք Հայրական Օրհնութեամբ
Աղօթարար
ՍԱՀԱԿ. Բ. ԿԹ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս, 31 մարտ 1939
Պէյրութ
————————————-
(*) Հետագային ծոմապահութեան օրը փոխարինուած է «Պնակ մը կերակուր»ի օրով: