ՍԱՀՈՒՆ ԶԱՌԻՎԱՅՐ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»էն արտատպուած այս յօդուածին հեղինակը Սոներ Չաղափթայ երէց պաշտօնատար է Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հաստատութեան:

Կրօնական ուղղափառութիւնը գաղափարաբանութեան գեղեցկութեան մրցոյթ է, որուն մէջ միշտ տգեղը կը շահի:

Այսպէս կոչուած «թրքական նախատիպ»ը, որուն մէջ իսլամական կուսակցութիւն մը կը գլխաւորէ ակներեւ ժողովրդավարութիւն մը, վերջին շաբաթներուն հաստատուած է իբրեւ հաւանական արդիւնքը, ելքը յետբռնատիրական արաբական երկիրներու մէջ: Հաւանական, թերեւս, բայց Թուրքիոյ  փորձառութիւնը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տակ, կը թելադրէ, թէ այսպիսի ուղի մը կրնայ նաեւ լպրծուն, դիւրասահ զառիվայր ըլլալ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չի նպատակադրեր Թուրքիոյ մէջ արմատական պետութիւն ստեղծել, թէեւ իշխող կուսակցութեան պահպանողական քաղաքականութիւնները կրնան անզգուշաբար ճիշդ ատոր առաջնորդել:

Տարիներէ ի վեր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թրքական ընկերութիւնը, հանրութիւնը կը փոխակերպէ` կրօնը վերածելով երկրի քաղաքականութեան մարմինին բարոյական կողմնացոյցին:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ իշխող կուսակցութիւնը կ՛ուզէ Թուրքիան վերածել ոչ աշխարհիկ վարչակարգով երկիրի: Բայց խնդիրը հետեւեալն է. անգամ մը, որ համառօտ սահմանուած հաւատքը քաղաքականութեան մէջ ուղղութիւն տուող սկզբունքը դառնայ, գաղափարախօսական սրբութիւն, անբծութիւն յաւակնող արմատականները քաղաքականապէս աւելի մրցունակ կ՛ըլլան: Կրօնի վրայ հիմնուած օրէնքներու եւ արժէքներու նոյնիսկ աւելի խիստ գործադրութեան անոնց պահանջները կը յառաջացնեն գաղափարախօսական մաքրամաքրութեան արշաւ մը եւ թրքական ընկերութիւնը, հանրութիւնը դէպի արմատականացում մղելու վտանգը:

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ գաղափարախօսական մաքրամաքրութեան որեւէ մրցոյթի մէջ արմատականները կը յաղթեն պահպանողականներուն:

ԺԱ. դարուն Ալմորաւիտ կրօնական պահպանողական շարժումը արագօրէն խորտակեց Անտալուսիայի իսլամական թագաւորութիւնը` հակադարձելով անոր ազատական մօտեցումներուն, մասնաւորաբար` յառաջադէմ մտածողութեան եւ ոչ իսլամները ընդունելու կեցուածքին համար:

Անտալուսիան իրենց հակակշիռին տակ առնելով` Ալմորաւիտ շարժումի ղեկավարները նուիրականացուցին իրենց ոչ ազատական մեկնաբանութիւնը իսլամ կրօնին` իբրեւ բարոյական կողմնացոյցը ընկերութեան: Բայց նոյնիսկ պահպանողականութեան ալմորաւիտեան դրոշմը աւելի արմատական իսլամներու կողմէ նկատուեցաւ իբրեւ շատ թոյլ: Ալմոհատները յայտնուեցան բողոքելու համար ալմորաւիտներու հանդուրժողականութեան եւ Անտալուսիայի արմատականացած հասարակութիւնը խորտակելու քայլին դէմ` առաջնորդելով ոչ իսլամներու հալածանքին եւ կրօնական պատերազմի:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան օրով Թուրքիոյ իսլամականացումը կը սպառնայ հետեւելու համանման, եթէ ոչ աւելի աստիճանական շաւիղի մը: Կուսակցութեան մօտեցումը կրօնական արժէքներուն թրքական աշխարհիկ կարգերու ջատագովներուն գլխաւոր խնդիրը չէ: Աւելի մեծ սպառնալիքը այն է, որ այժմ, երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կեդրոնացած է թրքական ընկերութեան մէջ կրօնի վրայ, արմատականները քարթ պլանշ` գործելու ազատութիւն պիտի շահին ասպարէզ կարդալու համար կուսակցութեան` իբրեւ «անբաւարար չափով իսլամի»:

Արդէն իսկ անցեալ նոյեմբերին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պաշտօնազրկեց, իր շարքերէն արտաքսեց Ալի Պարտաքօղլուն, որ անկախական ղեկավարն էր Տիյանեթի` Թուրքիոյ պաշտօնական կրօնական իշխանութիւնը, որ պատմականօրէն հսկողութեան տակ առած է ծայրայեղականութիւնը` մզկիթներ կառուցելով եւ իմամներ կրթելով, պատրաստելով, միեւնոյն ատեն յառաջացնելով իսլամութեան ազատական հասկացողութիւն: Կուսակցութիւնը Պարտաքօղլուն փոխարինեց հանրածանօթ այլ մտաւորականով մը` Մեհմեթ Կէօրմեզ, որ իսլամութեան հանդէպ յայտնապէս աւելի պահպանողական մօտեցում ունի:

Տիյանեթի նոր ղեկավարին առաջին գործը եղաւ աշխատանքէ արձակել Այշէ Սուչուն, որ կազմակերպութեան կնոջական մասնաճիւղի պատասխանատուն էր: Տիկին Սուչուի նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ այն առաջարկը, որ կիները իրե՛նք պէտք է որոշեն իրենց մազերը ծածկելու կամ չծածկելու հարցը: Արմատական տեղեկատուական աղբիւրներ եւ մտաւորականներ հեռացած էին անոր տապալումով` պնդելով, թէ այդ քայլը կը նշէ որ իսլամութեան անհատական, ենթակայական մեկնաբանութեան համար տեղ չկայ:

Ներքնապէս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յառաջացուց ընկերային արժէքներ, ինչպէս` իսլամական լաչակի օգտագործումը եւ ոգելից ըմպելիներու հանդէպ արհամարհանքը:

Թուրք դիւանակալները, պետական պաշտօնեաները եւ գործարարները կը բողոքեն, որ փաստելու համար, թէ «լաւ իսլամ» է, անձի մը այս միջոցառումներուն դիմելը նախապայման դարձած է կառավարական պաշտօններու բարձրացումին եւ առեւտրական համաձայնագիր նուաճելու:

Միեւնոյն ատեն կուսակցութեան իշխանութեան տակ գտնուող տեղեկատուական գործակալութիւններ կշտամբեցին պատկերասփիւռի կայան մը, որ Սուլէյման Սքանչելիի մասին սփռած հաղորդումին մէջ հռչակաւոր աշխարհաքաղաքացի սուլթանը պատկերած էր իբրեւ ոգելից ըմպելի խմող մը:

Պաշտօնական զգուշացումին հետեւեցաւ ե՛ւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներուն, ե՛ւ արմատականներուն վայնասունը: Անոնք պահանջեցին արգիլել հաղորդումը: Կը թուի, թէ պահպանողականները այժմ կը յաջողին դանդաղօրէն վերջ դնել ոգելից ըմպելի օգտագործելու Թուրքիոյ դարաւոր սովորութեան: Կամ` որդեգրել կուսակցութեան «քրտական քաղաքականութիւնը»:

Յունիսի ընտրութիւններէն առաջ քիւրտերու շրջանակին մէջ տարածուելու ճիգով մը կուսակցութիւնը ուժգին կերպով շեշտեց իսլամութիւնը իբրեւ հասարակ յայտարար քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ, նսեմացնելու համար քիւրտ ազգայնական կուսակցութիւնը:

Ծրագիրը լաւապէս կրնայ օգնել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` շահելու յառաջիկայ ընտրութիւնները:

Թէեւ ատիկա նաեւ մրցակցութեան հրաւէր պիտի ըլլայ կրօնական արմատականներուն, ինչպէս` քրտական Հըզպոլլայի լիբանանեան շիի Հըզպալլայի հետ առնչութիւն չունեցող սիւննի վայրագ խմբակ մը, որ արդէն իսկ ցանցերու արմատներ սերմանած է Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ:

Հըզպոլլայի ղեկավարութիւնը, որ բանտարկուած էր 1990-ական թուականներու վերջերը տեղի ունեցած հալածանքին իբրեւ հետեւանք, վերջերս ազատ արձակուեցաւ, օրինական ձեւականութեանց մէջ խախտումի մը պատճառաբանութեամբ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ իսլամութեան շեշտադրումը կրնայ օգնել փոխարինելու աշխարհիկ-ազգայնական քրտական շարժումը` կրօնական-ազգայնական շարժումով մը:

Ակնկալելի է, որ քրտական Հըզպոլլան նշէ, թէ ո՛չ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ Տիյանեթը «բաւարար չափով իսլամ» են քիւրտերը ներկայացնելու համար:

Թրքական փոփոխութիւնը նաեւ գէշ լուր մըն է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի համար:

Թուրքիոյ բնակչութեան հաւանական արմատականացումը յատկապէս ճնշիչ մտահոգութիւն մըն է, տրուած ըլլալով, որ Անգարա վերջերս ջնջեց այցեգիրներու սահմանափակումները իսլամական կարգ մը երկիրներու համար, որոնց շարքին` Իրանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Լիպիոյ համար: Ինչ որ ալ պատահի այս երկիրներուն մէջ, Անգարայի քայլը պիտի դիւրացնէ Թուրքիոյ մէջ արմատական շարժումներու հակոտնեայ բեղմնաւորումը:

Ուաշինկթըն պէտք է ծրագիրներ մշակէ այժմ` անհրաժեշտ ձեւով վարուելու համար արմատականներուն հետ, որոնք ասպարէզ պիտի կարդան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համագործակցութեան Միացեալ Նահանգներու հետ, մասնաւորաբար` Աֆղանիստանի մէջ:

Թուրքիոյ յանդուգն դարձած, քաջալերուած արմատականները միջամուխ պիտի ըլլան նաեւ Անգարայի` Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, այն պահուն, երբ եւրոպական կառոյցին Թուրքիոյ անդամակցութեան ծրագիրները բաւական խնդիրներ կը դիմակալեն:

Նկատի ունենալով Եւրոպայի մէջ թուրք գաղթականներու մեծ թիւը, Թուրքիոյ բնակչութեան արմատականացումը, մասնաւորաբար քիւրտերու արմատականացումը, վստահաբար ինքզինք պիտի կրկնէ Եւրոպայի մէջ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կրօնական հակումը` խանգարող, շփոթեցնող ինքն իր մէջ, շատ դիւրաւ կրնայ հակակշիռէ դուրս գալ:

Ատոր մէջ կուսակցութեան դասը արաբական աշխարհին եւ, վստահաբար, Իսլամ եղբայրներու կառավարութիւններուն պիտի ըլլայ այն, որ կրօնական ուղղափառութիւնը գաղափարախօսական գեղեցկութեան մրցոյթ մըն է, որուն մէջ միշտ տգեղ անձը կը շահի:

Share this Article
CATEGORIES