50 Տարի Առաջ ( 15 Յունիս 1962 )
Փօլ Կիրակոսեան
Տաղանդաւոր Նկարիչը
Երեքշաբթի, 10 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Լ՛Օրիան»-ի, ցուցադրութեան գեղեցիկ սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի նկարներու ցուցահանդէսին:
Արուեստագէտ հասարակութիւն մը` հայ, տեղացի եւ օտար, ինչպէս նաեւ` լրագրողներ, ներկայ եղան բացման հանդիսութեան եւ իրենց անվերապահ գնահատանքն ու սքանչացումը յայտնեցին երիտասարդ նկարիչին:
Ցուցադրութեան դրուած էին մէկը միւսէն յաջող եւ արժէքաւոր 30 նկարներ:
Քանի մը ժամ հազիւ անցած, նկարներուն կէսէն աւելիին տակը կ՛արձանագրուէր` «ծախուած»:
հայկական մանրանկարչութիւնն է.
– Ներշնչումս մեր ժողովուրդէն առած եմ,- կ՛ըսէ Փոլ Կիրակոսեան: Պարսիկներու արուեստը քնարական է միայն: Հայկական արուեստը քնարականին հետ ունի նաեւ ուժը: Այդ ուժն է, որ եռանդ ու ներշնչումի անսպառ կապ մը կու տայ հայ արուեստագէտին, ստեղծագործելու իր կարգին:
Փոլ Կիրակոսեան լաւապէս տիրապետած է դասական արուեստի թեքնիքին: Իր նկարներուն մէջ արդի արուեստի կատարելագործումը աչքի կը զարնէ: Իսկ գոյներու բնականութիւնը, ներդաշնակութիւնն ու այլազանութիւնը, ապրող արտայայտութիւն մը կարծես, բնական կենդանութիւն մը կու տան անոնց:
14 տարիներ առաջ «Համազգային»-ի մանկապատանեկան մատենաշարի հրատարակութեանց նկարներուն գծագրութիւնը իրեն յանձնուած էր. գոհացում պիտի տար արուեստագէտ, բծախնդիր ու խստապահանջ Գասպար Իփէկեանին:
Փոլի բացակայութեան, Իփէկեան գոհունակութեամբ կը ժպտէր, կը դիտէր գծուածները եւ իր կարծիքը կը բանաձեւէր.
– Շնորհալի տղայ է: Կը հիանամ մանաւանդ իր ըմբռնելու կարողութեան վրայ:
14 տարիներ յետոյ «Շնորհալի տղան», ըմբռնելու իր կարողութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ աննախատեսելի նուաճումներ կատարած էր, դարձած էր տաղանդաւոր:
Փոլ Կիրակոսեան համեստ, բարեկիրթ ու քաղաքավար արուեստագէտ մըն է: Նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի իտալական դպրոցին մէջ: 7 տարեկանին նկարչութեան հանդէպ մասնաւոր սէր ցոյց տուած է: Եւ բնածին մղումով ու ինքնաշխատութեամբ` զարգացուցած է այդ սէրը` արհամահելով բազմաթիւ դժուարութիւններ:
Տարի մը հետեւած է Ֆլորանսի եւ երեք տարի Իտալիոյ գեղանկարչութեան արուեստանոցներուն: Իր նուաճումը եւ կատարելագործումը ձեռք բերած է ինքնաշխատութեամբ:
Ցուցահանդէսներ տուած է` Վենետիկ, Ֆլորանս, Հռոմ: Մասնակցած է Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին եւ մեծ գովասանքներու արժանացած ֆրանսական մամուլին կողմէ:
Իր վեցերորդ ցուցահանդէսն է, որ կու տայ: Շուտով պիտի մեկնի Փարիզ` տալու եօթներորդ ցուցահանդէսը:
– Ինչո՞ւ Եւրոպա չես հաստատուիր, նախանձելի դիրքերու կրնաս հասնիլ,- տուած հարցումիս` կը պատասխանէ.
– Նկարիչը պէտք չէ իր միջավայրէն հեռանայ: Եւրոպան չէ նկարիչը մէջտեղ բերողը: Լաւ նկարիչը իր սիրած, իրեն ներշնչում տուող բնութեան մէջ միայն կը կատարելագործուի:
Ու Փոլ կապուած է Արեւելքին: Արեւելքի նկարիչն է: Իր ներշնչման միջավայրը Արեւելքն է` ներկայով ու անցեալով: Ապրում է Արեւելքը իրեն համար եւ արեւելեան նկարներ են իր բոլոր նկարածները:
Իսկ իր ներշնչման աղբիւ՞րը.
Բացառիկ երեւոյթ էր: Ներկաները կարծես չէին ուզեր մեկնիլ: Սքանչացումով կը դիտէին նկարները` իրենց կարծիքները փոխանակելով իրարու հետ:
Եգիպտահայ ծանօթ նկարիչ պրն. Օննիկ Աւետիսեան հետեւեալ նախադասութիւնով կը բանաձեւէր իր կարծիքը.
– Շատ զօրաւոր խառնուածք ունեցող գեղանկարիչ մըն է Փոլ կիրակոսեան, եւ իր այս ցուցահանդէսին մէջ, հակառակ կարգ մը նիւթերու նմանութեան, շատ գեղեցիկ այլազանութիւն մը ունի:
Բիւզանդ Եղիայեան իր կարծիքը կը յայտնէր.
– Իր ընտրութիւնը որպէսզի տպաւորիչ ըլլայ, միայն մէկ տեսակի վրայ կատարուած է: Չէ ուզած այլազան տեսակներու մէջ դիտողներուն տպաւորութիւնը ցրուել: Ուզած է իր արուեստագէտի անձնաւորութիւնը ճանչցուի զանգուածային ուրուագիծով եւ ոչ թէ մանրամասնութիւններով: Դիտողը կը տպաւորուի իր դէմքերուն ուրուագիծերով` քան թէ` մանրամասնութիւններով: Իր փնտռածը մեկնաբանութիւնն է նկարին: Իսկ գոյները ընդհանրապէս մեղմ են, հանդարտ, պոռոտ չեն:
Փոլ կիրակոսեան մինչեւ հիմա գծած է աւելի քան 550 նկարներ:
Նոր նուաճումներ կատարելու, բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրելու եւ միջազգային համբաւի տիրանալու բոլոր տուեալները ունի:
Այդ բարձունքներուն վրայ Փոլ Կիրակոսեան պատիւ մը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին:
ՀՐԱԶԴԱՆ

