Հայրերու Օր. Տարեց Հայրեր Եւ Մեծ Հայրեր` Երկարակեցութեան Երաշխիք

ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՈՒՇ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ՄԱՆՈՒԿԻՆ Կ՛ԸՆՁԵՌԷ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՆՄԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ «ԾԻՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄՈՎ» ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ Կ՛ԱՊՐԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՍ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Սերմին ծինական կազմութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, մինչ տղամարդուն տարիքը կը յառաջանայ, եւ անիկա կը սկսի «շինել» ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներու այնպիսի բանալի մը, որ կը նախընտրէ երկար կեանքը. երեւոյթ մը, զոր տարեց տղամարդը կը փոխանցէ նաեւ իր նոր ծնած զաւակներուն:

Ուսումնասիրողներ այս կապը ի յայտ բերած են` քննելէ ետք 1779 երիտասարդներու ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները:

Ուսումնասիրութեան արդիւնքը լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» պաշտօնաթերթին մէջ:

Մասնագէտներ որոշ ժամանակէ մը ի վեր գիտէին, թէ կեանքի տեւողութիւնը կ՛առնչուի մեր ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն բանալին պարունակող կառոյցին յետսամասին (թելոմեր) երկարութեան հետ: Որքան կարճ ըլլայ այս մասը, այնքան կարճ կեանք մը կ՛ապրի անձ մը:

Կօշիկի կապերուն կերպընկալէ ծայրերուն նման` թելոմերները կը պաշտպանեն ծինական ժառանգութեան թելին (քրոմոզոմ) յետսամասերը, որպէսզի անոնք չվնասուին: Սակայն անոնք ընդհանրապէս կը կարճնան տարիքի բերումով եւ չեն նորոգուիր:

Այսուհանդերձ, գիտնականներ ի յայտ բերած են, թէ սերմին մէջ թելոմերները կ՛երկարին տարիքի բերումով:

Եւ որովհետեւ տղամարդիկ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու իրենց բջիջները իրենց զաւակներուն կը փոխանցեն սերմին ճամբով, այս երկար թելոմերները կը ժառանգուին յաջորդ սերունդին կողմէ:

Նորթուեսթըռն համալսարանին մէջ մարդաբանութեան մասնագէտ Տան Այզընպըրկ իր պաշտօնակիցներուն հետ ուսումնասիրած է թելոմերներու ժառանգութիւնը` Ֆիլիփիններու մէջ ապրող երիտասարդներու քով:

Մասնագէտները արեան նմուշներ քննելէ ետք ի յայտ բերած են, թէ թելոմերները աւելի երկար են այն անձերուն քով, որոնց հայրերը տարիքով մեծ էին, երբ իրենք ծնած են:

Աւելի՛ն. թելոմերները երկարած էին հայրանալու հանգրուանը տարուէ տարի յետաձգելու զուգահեռ, եւ կարճցած` միջին տարիքի չափահասներուն քով:

Թելոմերները նոյնիսկ աւելի երկար էին այն պարագային, երբ զաւկի մը հօրենական մեծ հայրը եւս ուշ տարիքին հայրացած էր:

Թէեւ հայրանալու հանգրուանը ուշացնելը կ՛աւելցնէ վիժումի հաւանականութիւնը, սակայն ուսումնասիրողներ կը հաւատան, թէ անիկա կրնայ երկար ժամանակի վրայ ընձեռել առողջական բարիքներ:

Գիտնականները կը հաւատան, թէ երկար թելոմերներ ժառանգելը մասնաւորաբար օգտակար է հիւսկէններուն համար, ինչպէս նաեւ` կենսաբանական գործունէութիւններու, որոնք կ՛առնչուին բջիջներու արագ աճին եւ կազմութեան հետ. օրինակ` մարմնի դիմադրականութեան պատասխանատու, աղիքներու եւ մորթի բջիջներ:

Ասիկա նաեւ յատկանշական անդրադարձներ կրնայ ունենալ հաւաքականութիւններու ընդհանուր առողջութեան վրայ:

«Մինչ հօրենական շառաւիղներ կ՛ուշացնեն սերնդագործութիւնը, անոնց թելոմերները կ՛երկարին եւ կը փոխանցուին յաջորդ սերունդին, ինչ որ կրնայ առիթ տալ երկարակեցութեան, որովհետեւ հաւաքականութիւններ կը սկսին աւելի երկար ապրիլ եւ սերնդագործել ուշ տարիքի», կը գրեն գիտնականները:

Նիւքասըլ համալսարանին մէջ բջիջներու տարիքի մասնագէտ Թոմաս ֆոն Զկլինիցքի կ՛ըսէ, թէ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են:

«Սակաւաթիւ են այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք թելեմորի երկարութիւնը բաղդատած են տարեց կեանքի առողջական վիճակի հետ եւ ուսումնասիրած են հօրենական տարիքի ներգործութիւնը: Ցարդ բնաւ յստակ չէ, թէ արդեօք ծնունդի ժամանակ թելոմերի մը երկայնքը կամ տարիքի բերմամբ թելոմերի կորուստը աւելի յատկանշակա՞ն ներգործութիւն ունի տարիքի առնչուող հիւանդութիւններու եւ մահացութեան վրայ», կ՛ըսէ ան:

«Ուսումնասիրութեան հեղինակները չեն քննած տարեցներու ծնունդ տուած առաջին սերունդին առողջական վիճակը»:

Թերեւս տարեց հօրմէ մը երկար թելոմերներ ժառանգելը ձեւով մը կը հաւասարակշռէ սերմին մէջ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն փճացումի եւ փոփոխութեան հաւանականութիւնը, կ՛աւելցնէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES