Հայրերու Օր. Ինչպէ՛ս Ծնողներ Ամօթալի Կը Թուին Եւ Ի՛նչ Է Ճշմարտութիւնը` Պատանիներու Դիտանկիւնէն
ԾՆՈՂՆԵՐ ԱՄԷՆ ԻՆՉ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԵՆ` ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ: ՍԱԿԱՅՆ ԲՈԼՈՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ ՕՐ ՄԸ ԾԻԾԱՂԵԼԻ, ԱՄՕԹԱԼԻ ԿԱՄ ՆԵՂԱՑՈՒՑԻՉ ԹՈՒԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՉՔԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԱՏԸՄ ԿՈՓՆԻՔ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՇԱՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ ՄԸ` ՊԵՂԵԼՈՎ ԾՆՈՂՔ- ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ ԹԱՔՈՒՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ : ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ, ԶՈՐ ԱՆ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ, ԹԷԵՒ ԿՈՒ ԳԱՆ ԻՐ ՀՐԷԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԷՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ԿՐԵՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու տարածքին ամէնէն աւելի վէճի նիւթ են, կամ աւելի ճիշդ` ամէնէն աւելի մեծ աղմուկով կ՛արծարծուին զաւակ մեծցնելու առնչուող միջոցները: Կարծէք երբեւիցէ նման միջոցներ գոյութիւն ունեցած են: Ուրեմն կարելի է նաեւ խօսիլ գայլեր դիտելու միջոցներու մասին: Այս մասին խօսողները իրենք իրենց իրաւունք կու տան որոշ ձեւով վարուելու, սակայն մենք իրաւունք չունինք:
Օրինակ, հաւանաբար լսած էք ինքնակոչ «վագր մայրերու» մասին. անոնք ասիացի մայրեր են, որոնք կը հպարտանան իրենց զաւակները դաժան միջոցներով յաջողութեան առաջնորդելով դպրոցին մէջ եւ զանոնք պատրաստելով այլ յաջողութիւններու: Այլ խօսք, թէ վստահաբար այս նիւթին վերաբերող ընթերցանութեան լաւագոյն գիրքը պիտի ըլլար նման դաստիարակութեամբ հասակ նետած անձի մը «Թայկըր Քապ» յուշագրութիւնը:
Սակայն արբունքի շրջանի հասած պատանիներուն բուն ճշմարտութիւնը պարզ է, եւ այստեղ պիտի յայտարարեմ զայն. մարդկային ծինական կառուցուածքին մէջ տեղ մը արձանագրուած է, թէ ճիշդ 13 տարեկանին ձեր զաւակը մէկ վայրկեանէն միւսը պիտի անդրադառնայ, թէ իր ծնողները աշխարհի ամէնէն ամօթալի, ամէնէն ծիծաղելի եւ ամէնէն աւելի նեղացուցիչ անձերն են, որքան ալ ձեր յարաբերութիւնները նախապէս սերտ եղած են կամ` կարեկցանքով լեցուն: Ասիկա տիեզերական ճշմարտութիւն մըն է:
Պատանին այս զգացումը երբեմն կ՛արտայայտէ խղճալով եւ ինքզինք գերադաս զգալով եւ երբեմն ալ` անզսպելի ցասումով: Զայն կարելի է զանազանել` գոյականի մը կամ եղանակաւորիչի մը շեշտաւորումով: Օրինակ` «Հա՛յր, շատ տարօրինակ ես». այս պարագային արտայայտուած զգացումը գրեթէ ջերմ է: Մինչդեռ` «Հայր, շատ տարօրինա՛կ ես» արտայայտութիւնը գրեթէ թշնամական է:
Ձեր զաւակը կը բոլորէ իր 13-րդ տարեդարձը եւ անոր ծինական ժառանգութեան կառոյցը կը լուսաւորուի Կաղանդի ծառի մը պէս` մէկ կոճակի սեղմումով: Ծնողը, որ տակաւին միայն քանի մը տարի կամ քանի մը ամիս առաջ իմաստութեան եւ գիտութեան աղբիւր էր եւ նոյնիսկ` ընկերակից, կը դառնայ երեք բան. ծիծաղելի, ամօթալի, նեղացուցիչ:
Այս երեքը կու գան կոկիկ շարքով մը եւ շատ իւրայատուկ կարգով: Ամէն բանէ առաջ ծիծաղելի էք, որովհետեւ կը ձեւացնէք, թէ հետաքրքրական էք: Կը յամառիք հաւատալ, թէ գիտէք զանազանել լաւ փոփ երաժշտութիւնը վատէն, թէ` որոշ չափով ծանօթ էք պատանի տղոց եւ աղջիկներու միջեւ յարաբերութիւններուն: Եւ այս` հակառակ այն բացայայտ ճշմարտութեան, թէ հազիւ կարողութիւնը ունիք ձեր ենթագիտակիցով առաջնորդուելու, երբ ձեր մէկ ոտքը արմատացած է աղօտ եւ հնամեայ անցեալի մը մէջ, իսկ միւսը իր մատներով արդէն կը փնտռէ անմահութիւնը:
Ամօթալի էք, որովհետեւ հակառակ որ ծիծաղելի էք, չէք ուզեր թաքցնել ձեր անհեթեթ վիճակը, այլ կը յամառիք զայն ցուցադրել հանրութեան մէջ` բարեւ տալով ձեր 13 տարեկան զաւկին բարեկամներուն եւ ուսուցիչներուն, կարծէք բնական մարդ արարած մըն էք եւ ոչ թէ` պետական հսկիչ մը, որ կը գտնուի յաւիտենական յանձնառութիւն մը ստանձնելու սեմին:
Ինքնին արդէն վատ բան մըն է ծիծաղելի ըլլալը: Սակայն պայմա՞ն է այսքան հրապարակային ձեւով ցոյց տալ զայն: Դուք նաեւ նեղացուցիչ էք, որովհետեւ ծիծաղելի ըլլալով հանդերձ եւ հակառակ հանրութեան մէջ ամօթ պատճառելու, ինչպէս կը տեսնենք, տակաւին կը կարծէք, թէ կրնաք կարծիք եւ խորհուրդ տալ, այսինքն` մղել կամ նոյնիսկ հրահանգել, որ 13 տարեկանը բոլորած ձեր զաւակը հետեւի ձեր ցուցմունքին:
Ոչ մէկ ծնող պէտք է յուսայ, թէ կրնայ չէզոքացնել այս երեքը: Սակայն իւրաքանչիւր ծնող կրնայ իրականացնել, կամ միակ բանը, որ կրնայ իրականացնել, այս երեք նկարագրականներէն մէկուն բնաջնջումն է` իբրեւ յստակ որոշիչ: Օրինակ, կրնաք անկեղծօրէն ըսել. «Թերեւս ծիծաղելի եմ կամ` նեղացուցիչ, բայց ամօթալի չեմ», կամ` «Գիտեմ, թէ ամօթ կը պատճառեմ քեզի, սակայն ճիշդ չէ ծիծաղելի կոչել զիս»: Կեանքի այս խաղին օրէնքը կ՛ըսէ. ընտրել այս երեք բնորոշումներէն մէկը:
Այս ճշմարտութեան մէջ ինծի յատուկ ներթափանցումս զիս կը մղէ մտածելու, թէ ի յայտ բերած եմ հետեւեալը. այս երեք բնորոշումներէն մէկը բացառելու օրէնքը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Այսինքն իւրաքանչիւր անցնող սերունդ կրնայ եւ ընդհանրապէս կը չէզոքացնէ այս երեք բնորոշումներէն մէկը: Գէթ` արդի ժամանակներու քաղաքային ընտանքիներուն մէջ, ուր առաջին սերունդը գացած է նոր երկիր մը կամ բարձրացած է հանքերէն եւ աշխատող խաւերէն (իմ պարագայիս` երկուքը), երկրորդ սերունդը կազմած է ուսեալ միջին խաւ մը, իսկ երրորդ սերունդը, այսինքն իմ սերունդս կը բաղկանայ մտահոգութիւններ կրող եւ սնամէջ մտմտուքներ ապրող արհեստավարժներէ, որոնք կը թեւածեն իրենց պաշտած մէկ կամ երկու տարեկան զաւակներուն շուրջ:
Օրինակ` ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը չափազանց ամօթալի եւ չափազանց նեղացուցիչ էին ձեր ծնողներուն աչքին, սակայն երբեք` իրապէս ծիծաղելի: Անոնց կեանքը նոյն ձեւով ընթացած էր մէկ ծայրէն միւսը: Նոյնիսկ, եթէ անոնք հրեայ էին, պարզապէս տարեց հրեաներ էին:
Այլ պարունակի մէջ` նոյնիսկ, երբ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կը կազմէին աշխատաւոր խաւ մը, անոնք մնացած էին նոյնը. այսինքն` այն, ինչ որ էին, երբ իրենց երիտասարդութեան կը պատկանէին աշխատաւոր խաւին: Անոնց հաւատալիքները, ծէսերն ու սովորութիւնները ճշմարիտ էին, անոնք վարժութեան եւ սովորութեան մարդիկ էին, ոչ` նորաձեւութեան, իսկ մենք վարժութեան եւ սովորութեան կ՛ընծայենք գրեթէ սրբազան ծիսակատարութեան լուսապսակը:

Արդեօք Ժան-Ֆրանսուա Միյէի գեղջուկները յաջողած էին աւելի՞ արժանավայել ապրիլ, քան` այսօրուան ծնողները:
Նոյն այս պատճառով է, որ Միյէի գեղանկարներուն մէջ պատկերուած գեղջուկները շատ արժանավայել կը թուին մեզի: Եթէ անոնք տարուան իւրաքանչիւր եղանակին փոխէին իրենց հագուստներն ու գլխարկները, պարզապէս խղճալի պիտի դառնային: Սակայն անոնք իրենց նոյն տարազներով կը յանձնուին դարերուն, կրնան բարձր բռնել իրենց գլուխը, կամ` նոյնիսկ խոնարհիլ. միեւնոյնն է, մենք կը հասկնանք իմաստը:
Նոյնպէս` մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը միշտ ալ եղած են այն, ինչ որ են եւ ոչ մէկ ճիգ թափած են նմանելու փայլուն էջերով թերթի մը մէջ պատկերուած այլ անձի մը: Անոնք ընդունած էին ինքնութեան անփոփոխութիւնը:
Մեր ծնողները եւս, յաճախ անհաւատալիօրէն նեղացուցիչ եւ չափազանց ծիծաղելի թուելով հանդերձ, ճիշդ պիտի չըլլար կոչել ամօթալի: Անոնք կը կազմէին ձգտումներով համակուած միջանկեալ սերունդ մը. նախ` կը ձգտէին ուսման, որուն տիրացած էին եւ ապա` կատարելագործութեան, որուն կը կարծէին, թէ հասած էին: Անոնք ծիծաղելի էին, որովհետեւ տեւաբար շարժումի մէջ էին, տեւաբար կը փոխէին իրենց մազին ձեւն ու հագուստները: Բաւարար է դիտել անոնց հին լուսանկարները. 1960-ական տարիներուն անոնք ծիծաղելիօրէն ծածկուած են մազերով, իսկ1970-ական տարիներուն` անհեթեթօրէն լայն հագուստներով:
Սակայն չենք կրնար ամօթալի կոչել զանոնք: Անոնք հետաքրքրական մարդիկ էին: Ապրած են հետաքրքրական կեանք մը եւ շատ մշակուած էին: Օրինակ, երբ Պրանքուզիի մէկ քանդակը տեսնէին, գիտէին, թէ անոր վերի մասը ո՛ր կողմն էր, այնպէս` ինչպէս գիտէին, թէ ո՛ր կողմէն պէտք էր ծխէին թմրեցուցիչ խոտով ոլորուած գլանիկ մը: Թերեւս պիտի չուզէինք նման գլանիկ մը ծխել անոնց հետ, սակայն ամօթալի չէին անոնք մեր բարեկամներուն դիմաց: Անոնք օժտուած էին տենչեր իրականացնելու ձգտումով:
Մեր սերունդը` երրորդ սերունդը, այնպէս` ինչպէս մեր զաւակները կը վստահեցնեն մեզի, ամէնէն աւելի ծիծաղելին է, ամէնէն ամօթալին, որ երբեւիցէ ապրած է: Մենք ծիծաղելի ենք, որովհետեւ մինչ մեր ծնողները կը սիրէին մեզի հետ բաժնել իրենց ապրած երիտասարդութեան հետաքրքրական պատմութիւնները, անդին` մենք կը կարծենք, թէ կը շարունակենք ապրիլ մեր չափազանց հետաքրքրական երիտասարդութիւնը: Գաղափար չունինք, թէ որքա՛ն հեռու ենք նման կեանքէ մը եւ կը յամառինք ձեւացնել այնպէս, կարծէք կը շարունակուի մեր երիտասարդութիւնը: Չունինք պարկեշտութիւնը քաշուելու մեր սեփական սերունդին պատեանին մէջ, այլ ոտնձգութիւններ կը կատարենք մեր զաւակներուն սերունդին մէջ:
Ասիկա անբացատրելի կերպով ծիծաղելի է, անհամեմատօրէն` ամօթալի: Այսուհանդերձ, նեղացուցիչ չենք: Երբ մեր զաւակները բան մը կ՛ուզեն, կը փորձենք գոհացնել զանոնք` առանց պատճառի: Մեզի կը հրամցնեն իրենց եղերերգի պէս հնչող Ռետիօհետի երաժշտութիւնը կամ Արքէյտ Ֆայրի շուայտ երգեցողութիւնը, իսկ մենք ջերմեռանդ հաւատքով կ՛ունկնդրենք զանոնք ժամեր շարունակ: Անոնք կը յամառին իրենց բջիջային հեռաձայններով երկտողեր ուղարկել մեզի` փոխանակ հեռաձայնով խօսելու, իսկ մենք կը հնազանդինք եւ կը սորվինք երկտողերով պատասխանել իրենց:
Քանի մը տարի առաջ 17 տարեկան մանչս, որ գիտէր, թէ Լոնտոն պիտի այցելէինք ամրան եղանակին, եկաւ գրասենեակս եւ շատ քաղցր ոճով հարցուց, թէ արդեօք կարելի՞ էր քանի մը օր կանուխ ճամբորդել, որպէսզի ինք կարենար ներկայ գտնուիլ Պլըր խումբին մէկ համերգին` Հայտ Փարքի մէջ: Ոչ միայն չտատմսեցայ որեւէ ձեւով, այլ իրողապէս պահանջեցի ընկերակցիլ իրեն` հագնելով զարդարուն կարճ տաբատ մը, հին շապիկ մը, գարեջուրի շիշեր բռնած ձեռքիս: Կրնաք լսել զիս կենդանի ձայնագրութեան մէջ, ուր կ՛ընկերակցիմ խումբին «Թենտըր» երգին: Իրապէ՛ս կրնաք լսել ձայնս: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ զաւակս ծիծաղելի կը նկատէ այս հաստատումս:
Գիտեմ, թէ ի՛նչ կը մտածէք. հարց կու տաք` ուրեմն ի՞նչ պիտի պատահի յաջորդին: Երբ այս պարբերաշրջանը իր աւարտին հասնի սերնդափոխութեամբ, ի՞նչ պիտի յաջորդէ: Ասիկա առեղծուած մըն էր նաեւ ինծի համար, մինչեւ որ իմ մտածումներս զաւկիս հետ բաժնելէ ետք ան պարզօրէն եւ առանց զայրոյթի որեւէ նշոյլի ըսաւ հետեւեալը. «Գիտե՛ս ինչ, ամէնէն նեղացուցիչ բանը քու պարագայիդ այն է, թէ բնա՛ւ նեղացուցիչ չես: Կարծես տեսակ մը գերազանց մակարդակի նեղացուցիչ անձ մըն ես»:
Անդրադարձայ, թէ պարբերաշրջանը պիտի չվերսկսի, այլ պարզապէս պիտի յառաջանայ, արդի արուեստին պէս, դէպի նեղացուցիչ այնպիսի մակարդակ մը, որուն գոյութեան պիտի գիտակցինք եւ անիկա նեղութիւն պիտի պատճառէ մեզի, պիտի դառնանք աւելի հեգնականօրէն ծիծաղելի եւ աւելի գիտակից` մեր ամօթալի վիճակին:
Հետեւաբար ճշմարտութիւնը այն է, թէ պէտք է գոյատեւել այս պարբերաշրջանին մէջ, որքան որ կարելի է, եւ ծնունդ տալ զաւակներու, որքան շատ, որ կարելի է, որպէսզի նոր սերունդներու ծնունդին մէջ օր մը յայտնուի մանուկ մը, որ սարսափած այս գերխելագարութենէն մեզ նկատէ իբրեւ մարմնացումը պարզ եւ ազդեցութիւններէ զերծ կեանքին, իբրեւ մարմնացումը ոչ ծիծաղելի սերունդի մը, Միյէի հնամենի գեղջուկին դիրքով, սակայն` իմաստուն դաստիարակի մը զուսպ կեցուածքով:
«Ասիկա հա՞յրդ է,- հարց պիտի տան պատանիներ` տեսնելով այ Ֆոնի հին նկար մը` երեք տարաչափութեամբ նկարներու շարքին:- Որքա՛ն մարմնացումն է …իր ժամանակաշրջանին»:
«Հաւատա՛յ ինծի, շատ ծիծաղելի էր», պիտի ըսէ ձեր զաւակը, որ արդէն տարեց մեծ հայր մըն է եւ ունի ծոռներ:
«Չեմ գիտեր: Ձեւով մը… հետաքրքրական կը թուի ինծի: Նեղացուցի՞չ էր», հարց պիտի տայ ձեր զաւկին ծոռը:
«Ո՛չ,- պիտի հաստատէր այժմ ծերունազարդ ձեր զաւակը:- Օր մը ինծի տարաւ Պլըր խումբին համերգին»:
«Բախտաւոր էիր», պիտի ըսէր պատանին:
Իսկ ձեր զաւակը իր ալեհեր մօրուքին տակ գլուխը պիտի շարժէր հաւանութեամբ, թերեւս` չկամութեամբ, բայց պիտի շարժէր: Պէ՛տք է, որ շարժէր, որովհետեւ պատանին ճիշդ էր: Կեանքը հանդուրժելի կը դառնայ նման երեւակայական փոքր շնորհակալութիւններով:
Ընթերցողներու Կարծիքներ
«Այս տիեզերական ճշմարտութիւնը նորութիւն չէ: Վիքթորեան ժամանակներու տեսլապաշտ Ուիլիըմ Պլէյք գրած է. «Երբ 14 տարեկան էի, հայրս այնքան տգէտ էր, որ նոյնիսկ չէի կրնար հետը քալել փողոցին մէջ: 21 տարեկանիս կը զարմանայի, թէ որքա՛ն բան սորված էր»:
«Օր մը զաւկիս ըսի. «Կը կարծէիր, թէ ամէն ինչ գիտեմ, հիմա կը կարծես, թէ ոչինչ գիտեմ»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


