Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 22 մայիսին, «Վիլլա Վերտէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն:

Սրահի մուտքին մայրերը ստացան հոտաւէտ  տուփիկներ եւ մօր նուիրուած քերթուածներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ անդրադարձաւ հայ մօր կարեւոր դերակատարութեան, յատկապէս` ընտանեկան յարկին տակ: Ան իր խօսքը աւարտեց մօր նուիրուած Շիրազի քերթուածով.

«Սայաթ Նովան իր սիրուհին սիրերգեց,
Նարեկն` Աստծուն, Խայեամն երգեց իր գինին,
Ես ինձ ասի` մօրդ երգիր, բանաստեղծ,
Որ մայրանան կեանք ու կին»:

Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց հայ մայրերը, յատկապէս` ԼՕԽ-ական հայ մայրերը, որոնք իրենց ընտանեկան ամէնօրեայ աշխատանքներուն զուգահեռ, լծուած են նուիրեալ ու կամաւոր աշխատանքի, զոր կը կատարեն ամենայն զոհողութեամբ` հայ ժողովուրդի զաւակներուն անխտիր: Ան յատկապէս անդրադարձաւ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելու իմաստով հայ մօր ունեցած դերակատարութեան` կոչ ուղղելով բոլոր մայրերուն, որ հայաշունչ դիմագիծ փոխանցեն իրենց զաւակներուն եւ զգուշ ըլլան համակարգիչի աշխարհէն, որ տարբեր արժէքներ եւ չափանիշներ կը պարտադրէ մեր երիտասարդութեան:

«Մայրե՛ր, մեր սերունդին նկարագիրը կերտելու անհրաժեշտութիւնը ձեր պարտականութիւնն է, դուք մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ հայապահպանման գործին մէջ մեծ դեր ունիք, ձեր զաւակները վստահեցէք հայ դպրոցին, հայ միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որպէսզի ճանչնան մեր դարաւոր ու պանծալի պատմութիւնը, մեր ազգային աւանդութիւնները եւ մեր մայրենի լեզուն», ըսաւ Ս. Վարդապետեան: Իր խօսքը աւարտելով` ան դիտել տուաւ, որ մայրութիւնը այնքան նուիրական արժէք մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար, որ «մայր» բառը դարձաւ բնորոշիչը հայոց ամէնէն նուիրական սրբութիւններուն` մայր Հայաստան, մայր եկեղեցի, մայրենի լեզու, մայրաքաղաք:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան երկու երիտասարդներ` ջութակի ու ձեռնադաշնակի վրայ հայկական եւ օտար մեղեդիներու շարք մը հրամցնելով, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով:

Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն. նախկին վարչականի մը կողմէ աշխատցուած Սվազի ձեռագործ մը յանձնուեցաւ օրուան բախտաւոր մօր:

Նշենք, որ օրուան ճաշը վստահուած էր ԼՕԽ-ի խոհանոցին:

Share this Article
CATEGORIES