ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան Շքանշանի Տուչութիւն Ճիւնիի Ակումբին Մէջ
Շաբաթ 9 Յունիս 2012-ին ՀՄԸՄ Ճիւնիի «Ժան Ապաճեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշան եւ գնահատական գիր ստացան ՀՄԸՄ-ականներ ` Սալիմ Չամիչեան եւ Զարեհ Պալեան:
Վերոյիշեալ եղբայրները երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով ներկայ չէին կրցած ըլլալ 21 յունուար 2012-ին տեղի ունեցած նախորդ պարգեւատրման հանդիսութեան:
Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան , Հ.Յ.Դ. «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի, շրջանի մէջ գործող միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ Ճիւնիի վարչութեան կազմը եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր, եղբայրներ եւ հրաւիրեալներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ Ճիւնիի ատենապետ` Րաֆֆի Ատուրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէն ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Ճիւնիի մասնաճիւղին մօտ ՀՄԸՄ Շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` Րաֆֆի Կէօվողլանեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան հաստատեց, որ վարչութիւնը աշխուժ աշխատանք կը տանի վերակազմակերպելու համար մասնաճիւղը, այս առիթով ան բարձր գնահատեց երէց եղբայրներու ունեցած ներդրումը ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Հայկ Թապագեան. ան հաստատեց որ 1950-ին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը մասնաւորաբար` կ՛ուռճանար նոր մասնաճիւղով մը` ՀՄԸՄ Ճիւնիի հիմնադրութեամբ, եւ այդ թուականէն սկսեալ Ճիւնիի ակումբը ժամադրավայրը եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ ՀՄԸՄ Ճիւնիի ընտանիքին եւ շրջանի հայութեան: Թապագեան աւելցուց, որ Ճիւնիի մասնաճիւղը տարիներ շարունակ հակառակ երկրի քաղաքական թէ տնտեսական ծանր պայմաններուն, յաղթահարեց ստեղծուած կացութիւնները, կարողացաւ վերակազմակերպուիլ ու մասնաճիւղը պահել ամուր հիմերու վրայ:
Իր խօսքի աւարտին Հայկ Թապագեան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութիւնը, անդամները, սկաուտական ու մարզական խումբերը նորանոր յաջողութիւններ ու վերելք մաղթելով մասնաճիւղին:
Ապա` ան հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը, որպէսզի կատարէ Ծառայութեան շքանշաններու տուչութիւնը:
ՀՄԸՄ-ական երկու վաստակաշատ եղբայրներու` Սալիմ Չամիչեանի եւ Զարեհ Պալեանի միութենական գործունէութեան կենսագրականի ընթերցումէն ետք, եղբայրներ Չամիչեան եւ Պալեան բեմ բարձրացան, եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետին ձեռամբ պարգեւատրուեցան ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան շքանշաններով :
Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց զոյգ եղբայրները` յոյս յայտնելով, որ յաջորդ սերունդները կը գործեն` օրինակ ունենալով այս պարգեւատրեալ եղբայրները:

