ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբին Հայաշունչ Ելոյթները
Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, 25 եւ 26 մայիսին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը ներկայացաւ լիբանանահայ հանդիսատեսին` հայաշունչ ու հայկական մթնոլորտ ստեղծող «Ոսկէ ձայնապնակ» խորագիրը կրող յայտագիրով:
Այս տարուան ելոյթը յատկանշական էր այս պարախումբի հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ իր անժամանակ մահը պարախումբին մաս կազմած, բոլոր ելոյթներուն ընթացքին բեմը զարդարած Արին Չերչեանի շօշափելի բացակայութեամբ, սակայն` ոգեղէն ներկայութեամբ: Արդարեւ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովը, նկատի ունենալով, որ ան փոքր տարիքէն միութենանուէր գործունէութեան մաս կազմած է, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի բոլոր շարժումներուն մասնակցած է, որոշում տուած էր պարախումբը կոչել Արինին անունով` յաւերժացնելու համար անոր անթառամ յիշատակը:
Ներկայացուած յայտագիրը բաժնուած էր երեք մասերու` «Երկիր», «Գաղտնի պարտէզ» եւ «Պարերգահանդէս»: Առաջին բաժինով փոքր եւ միջակ տղաքն ու աղջիկները հանդէս եկան «Հորովել», «Պինկէօլ», «Ջուր կու գէր», «Խնոցի», «Նանա փափուրի», «Ցորեն եմ ցանել», «Հալել եմ եղը», «Վարդավառը գալիս է», «Խիօ, խիօ» եւ «Քաղհան եւ ջուխտակ մոմ» պարերով: Ապա մեծ ու միջակ աղջիկները ներկայացուցին «Գեղեցիկ պարտէզ» խորագիրին տակ ամփոփուած 10 պարեր` «Դու նոր եկել ես», «Ես սիրեցի», «Վայրի ծաղիկ», «Ամպեց, կորաւ», «Աշխարհումս», «Անոր», «Լուսամփոփի պէս աղջիկ», «Ասում են թէ», «Սիրեցի եարս տարան» եւ «Ժպտա՛»:
Յատկանշական էր, որ Արին Չերչեանին ընկերուհիները այս բաժինով յատուկ պար մը ներկայացուցին` անոր նուիրուած, փաստելով, որ ան տակաւին իրենց հետ է, իրենց ընդմէջէն կը ներկայանայ հանդիսատեսին. այս պարին խորագիրն էր «Օրօրոցային Արինին», եւ անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանը:
Վերջին բաժինով բեմ բարձրացան մեծ ու փոքր աղջիկներն ու տղաքը` «Հոյ նազան», «Ջուր կու գէր», «Արա, վայ վայ», «Գալիս ես», «Քեռին եկաւ», «Հայաստանի աղջիկներ», «Համայեակ», «Էլի լաւ ա», «Քամին զանա», «Վույ Նարէ» եւ «Ղափամա» պարերով:
Հարուստ յայտագիրով յագեցած ելոյթները վայելքի պահեր ապրեցուցին հանդիսատեսներուն, ամբողջ տարուան մը վրայ երկարած աշխատանքի արգասիքը կը հրամցուէր հանրութեան: Այս առիթով պէտք է ողջունել պարախումբի ելոյթներուն յաջողութեան համար օժանդակած իւրաքանչիւր անձ, շնորհաւորել պարուսոյցն ու պարող փոքրերն ու մեծերը: Նաեւ պէտք է յիշել քուլիսներու ետին աշխատանք տանող իւրաքանչիւր անհատ, յատկապէս` պարախումբի պատասխանատուութիւնը ստանձնած վարչութեան անդամները, ծնողական յանձնախումբը, Վարդան Մկրտիչեանը, որ երաժշտութեան համադրումով, վիտէօ ձեւաւորումով եւ ասմունքներով ամբողջական մասնակցութիւն բերաւ այս ձեռնարկին, ասմունքով Արփի Աւետիքեանը, տեսերիզի ցուցադրութեան անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեանները, որմազդը պատրաստած Րաֆֆի Թոքաթլեանը:


