Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ձեզի Համար

Ձեզի համար ցնորքներս կիսամերկ
Կենդանացան
Արցունքիս հետ
Մերթ դիւթուած.

Ձեզի համար երազներս կիսախինդ
Բռնկեցան
Յուզմունքիս հետ
Մերթ շիկնած.

Ձեզի համար քնարներս գեղգեղուն
Սուտակ դարձան
Տողերուս մէջ
Մերթ անզարդ.

Ձեզի համար ծիծաղներս աննըման
Աղջամուղջին
Կ՛արշալուսուին
Մերթ հիւլէ.

Ու կը բացուին կապոյտին մէջ
Այն հեռակայ
Քառուղինե՜ր
Անապակ…

Ուր կը ծաղկին երազներս
Արծաթահիւս,
Ու ես կու տամ հոգիս մատաղ:

ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES