«ՏՐՈՓ» (Հեղինակ` Լեւոն Արտազեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2012-ին «Արծիւ» թերթի հրատարակութիւնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս ընծայեց Լեւոն Արտազեանի «Տրոփ» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կը բաղկանայ 48 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ քսանհինգ չափածոյ գրութիւններ:
Հեղինակը ցարդ հրատարակած է հետեւեալ քերթողական գործերը. «27», «Կենսակապ», «Դարերու երգը», «Արամ Արման տարիներ ետք» եւ «Տրոփ»:
Պէտք է ըսել, որ Արտազեան նուիրած է վերոյիշեալ քերթողագիրքը իր ընտանիքի անդամներուն, որոնց հանդէպ ան կը բացայայտէ իր անվերապահ սէրն ու խանդաղատանքը: Ընտանիքը իր միակ միջավայրն է, որուն շուրջ կը դեգերին իր մտորումները: Հատորը յայտնապէս ան կոչած է «Տրոփ» այն դիտաւորութեամբ, որ իր սրտին զարկերով կառչած կը մնայ ո՛չ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ` բնութեան բազմերանգ ծիլերուն, ծաղիկներուն, թռչուններուն եւ գունագեղ վայելչութեան, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.
«Կապոյտ պաստառին, իրենց թռիչքով Ճնճղուկ ու ծիծառ կը դայլայլե՜ն խօլ,
Իսկ մեղուն շուար այս ցնծութենէն,
«Ո՞ր ծաղիկը ես հոտոտամ» կ՛ըսէ.
Բայց թիթե՛ռը իր ներկապնակով
Կը շտապէ ըլլալ մասնիկն այս բեմին:
Ա՜հ դրանիկներ, ծնծաղնե՛ր գարնան,
Ձեր տրոփներով իմ ներաշխարհին
Դո՛ւռը կը թակէք, աւետելով ինձ
Պատգամ զարթօնքի, ծաղկո՛ւնքը սիրոյ»:
Խոր ջերմութեամբ ան կը սիրէ նարգէսն ու կարտենիան, մեխակն ու կակաչը եւ բոլոր ծաղիկները, որոնք կը պարուրեն իր հոգեկան աշխարհը` գարնանային բոյրերով:
Անխառն խանդաղատանքով կը սիրէ իր երեք զաւակները, որոնք իրենց համապատասխան շնորհներով եւ իւրայատկութեամբ կը կազմեն խոյակները իր գոյութեան տաճարին:
Արտազեան կ՛ըսէ, որ թէեւ կը սիրէ իր կինը, բայց երբեմնի իր զգացական արտայայտութեամբ կը մնայ յաճախ զուսպ, որպէսզի կնոջը հանդէպ իր սէրը վերածէ խորհրդաւոր ու գողտնասքող ապրումի մը, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.
«Մի՛ նեղնար երբ չե՛մ կրկներ
«Քեզ կը սիրեմ» խօսքը յաճախ:
Նայէ՛ դուն իմ աչքերուս մէջ
Եւ տես հովիտն այն մրրկահար,
Ուր հէգ սիրտըս կը տրոփէ,
Սիրերգելով խինդն այս նորոգ»:
Հեղինակը նոյն խորազգաց ոգեշնչումով կը սիրէ իր հայրն ու մայրը: Հօրը մահէն ետք կը ձօնէ քերթուածներ անոր յիշատակին: Իսկ իր սրտին կրակէն ճրագ մը կը վառէ եւ զայն կը նուիրէ մօրը հոգւոյն խորանին:
Անկախ ընտանիքին եւ բնութեան հանդէպ իր ցուցաբերած գուրգուրանքէն` Արտազեանի սիրտը կը տրոփէ նաեւ այլազան հարցերու ու երեւոյթներու կապակցութեամբ:
Այսպէս, ան կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ իսկական հայրենիքը ո՛չ թէ գաղթաշխարհն է, ուր կը ծնինք ու կ՛ապրինք անկախ մեր կամքէն, այլ մեր նախահայրերուն արծուեբոյնը կոչուած Հայաստանն է, որ իր պատմական փառահեղ անցեալով կը հանդիսանայ ճշմարիտ ոգին իւրաքանչիւր հայու:
Անդրադառնալով մարդկային կեանքը յուզող հարցերու` Արտազեան կ՛ըսէ, թէ իր սիրտը կը տրոփէ արտակարգ զգայնութեամբ, ամէն անգամ երբ մտաբերէ ծերութիւնը, որուն քայլ առ քայլ կը մօտենայ ամէն օր: Կ՛ըսէ, թէ որքան մօտենայ ծերութեան, նոյնքան կը փարատի իրմէ երջանկութիւնը, ու երիտասարդական խանդով յատկանշուած իր երազները կը դառնան անցեալ եւ կը թաղուին մոռացութեան գիրկը:
Այս յղացքով, նոյն սրտայոյզ տագնապը կը դրսեւորէ, որ մահը պիտի թակէ օր մը անպայման իւրաքանչիւր ընտանիքի դուռը` անկոչ հիւրի պէս եւ անխուսափելի ճակատագրականութեամբ…
«Տրոփ» խորագրեալ քերթողագիրքը կ՛եզրափակուի կեանքի ընդհանրական երեւոյթներուն նկատմամբ Լեւոն Արտազեանի ցուցաբերած աւանդապահ ըմբռնումներով…

