Կեդրոնականցի Արմենակի Պատմածը
Խենթ մարտին մարդիկ տաք անկիւն մը կը փնտռեն, Արմենակ կրկին Հայաստան գացեր էր: Կ՛ըսէ, որ հոն իր հոգին կը տաքնայ, մինչ Սենի ափին գարունը աւետուած էր:
Միջինք էր: Աւանդապահ Էլպիս պահքի ճաշեր պատրաստած էր: Ձէթով համադամներու փառատօն: Ափսո՜ս, մոռցուող, մեր բազում յատկանիշներուն պէս:
Եթէ հաւատացեալ ալ չէք, Էլպիսի Ս. պահոց համադամները հաւատքի դռները կը բանան:
Կիրակի էր: Եկեղեցիէն ետք հասած էինք իրենց տունը: Ինք եկեղեցի չէր եկած: Ս.Պահոց ճաշերու աղօթքի համազօր չե՞ն, քանի որ հաւատացեալներուն կը յուշեն մթնոլորտին մէջ մնալ:
Չեմ գիտեր, թէ գինին արտօնուա՞ծ է Պահքին: Ցուրտը յաղթահարելու համար պատիւ ըրինք Արմենակին բերած «Արէնի» գինիին:
Գունաւոր սեղան մը զարդարուեցաւ: Գեղանկարիչ մը արուեստի գործ մը կրնար արտադրել, նաթիւր մորթ մը, զայն կոչել` «Միջինքի տօնը»…
Կեդրոնականցին Հայաստան գտնուած օրերուն իմացած է, որ ծանօթ մասնագէտ մը «տոքթորական» պիտի պաշտպանէ: Անկարելին յաղթահարելով` ուզած է տեսնել եւ լսել` ազգի մեծերուն հետ:
Պատմեց.
– Հասայ, տեղ մը գտայ: Չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՜ն ուրախ էի եւ հպարտ: Այդ որքա՜ն տիտղոսաւոր մարդիկ կային: Հոս «բիզնես» չեն մտածեր, ըսի ես ինծի: Լարուած հոգիով եւ միտքով պատրաստուեցայ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ «տոքթորական» լսելու: Զարմիկիս տղան բժշկութեան «տոքթորական» պաշտպանած էր Փարիզի մէջ, ֆրանսերէնով: Չէի զարմացած: Ֆրանսայի մէջ «տոքթորական»-ը հայերէնով կամ չինարէնով չ՛ըլլար: Համակ ուշադրութիւն դարձած` սպասեցի: Դատակազմի անդամները տեղ գրաւեցին եւ ուսումնական անձը ոտքի կանգնած` սկսաւ իր «տոքթորական»-ը պաշտպանել: Պահ մը կարծեցի, որ լաւ չէի լսեր: Բայց կը լսէի: Անհանգստացած, կողքիս նստած սպիտակած մազերով յարգելի մարդուն հարցուցի, թերեւս ակադեմիկոս էր, թէ ի՞նչ լեզուով կը խօսէր: Ան զարմացած ինծի նայեցաւ, թերեւս ալ խորհեցաւ, որ զինք ձեռք կ՛առնէի, եւ դժկամութեամբ ըսաւ` «ռուսաց լեզուով»: Լեզուս բերնիս մէջ չորցաւ: Չէի կրնար սրահէն դուրս ելլել: Եւ ինչե՜ր մտածեցի… եւ մեղք մի՛ համարեր, քանի մը հատ ալ դեռ չմոռցած թրքերէն զարդարուն հայհոյանքներս ալ ըրի: Վերանկախացած Հայաստանի մէջ, վերանկախացումէն քսան տարի ետք, Լենինի եւ Պրեժնեւի սովետամարդոց ռուս մեծ լեզուն սորվելու թելադրանքը դեռ ի զօրու է: Պատերուն վրայ «տոքթորական»-ի պաշտպանութեան աւետիսը գրուած էր հայերէն, եւ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՂԱՒ ՌՈՒՍԵՐԷՆ: Ինձմէ զատ ոչ ոք զարմացած էր:
Արմենակ մորթուող ոչխարի պէս ինծի կը նայէր:
Բարեկամ մը կ՛ըսէր, թէ նման դէպքերու մասին խօսքս թոյլ է: Լաւ է, որ թոյլ է, ապա թէ ոչ Արտաշէս արքային մահը երգող եղերամայրերուն պէս պէտք էր հաւաքաբար լայինք…
Ի՞նչ բանի համար:
Միթէ ամէն բան պէ՞տք է ըսել:
Էլպիս ուզեց կացութիւնը փրկել.
– Ի՞նչ բանդ է «տոքթորական»-ի ներկայ ըլլալ: Կ՛երթաս, անհանգիստ կ՛ըլլաս, կու գաս, անհանգիստ կ՛ընես: Մարդ չըսաւ` ինչպէ՞ս եղած է այս տարուան «Միջինքի քէօֆթէ»-ն…
Եթէ Երեւանի համալսարանի մէջ «տոքթորական» կը պաշտպանուի ռուսաց լեզուով, հայու Միջինքն ալ կ՛ամուսնանայ թուրքի «քէօֆթէ»-ին հետ…
Ղեկավարիկ մը օր ֆրանսերէնով ըսաւ, որ այս կարգի բաները ծալած եւ վրան նստած էր:
Կարդացա՞ծ էք մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիի «Ողբամ զքեզ»-ը… Ի՞նչ կը սպասէք…
ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, 18 Մարտ 2012

