Մեր Հայրերուն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մայրերու մասին յարգանքի, սիրոյ խօսքեր բազմիցս արտասանուած են եւ այս` արդարօրէն եւ իրաւացի: Երգեր հիւսուած են մայրերը փառաբանող, անոնց շնորհքն ու նուիրումը հաստատող: Կեղծիք չէ այս, ոչ ալ փաղաքուշ գգուանք ձեւական: Մարդկութեան կենսախայտ աղբիւրն է ան, առանց որուն չկայ կեանք ու սէր:

Տարիներ առաջ քաղաքակիրթ ազգեր անդրադարձած են մայրերու տօն հռչակելու պաշտօնական ՕՐՈՒԱՆ անհրաժեշտութեան` մայրութեան նուիրուած, յայտնաբերելու առաքինութեան, զոհաբերումի ոգեկան զօրութիւնը, որ մօր մը սրտին ու հոգիին անշեղ տաղանդն է` ի վերուստ շնորհուած:

Այս երեւոյթին դիմաց հայրերը անտեսուած ըլլալու զգացողութիւն մը ծածուկ կամ յայտնի իմանալի կը դառնար: Հարցումը կը տրուէր անկեղծութեամբ.

– Եթէ հայրերը չըլլային, մայրութիւն կ՛ունենայի՞նք… Բացարձակ ճշմարտութիւն մը, որ ստեղծուած է աստուածային հրամանաւ, որուն մասին գրելը կամ խօսիլը աւելորդ է: Այս պարագային ինչո՞ւ ժլատ եղած են գրողները, բանաստեղծները, երաժիշտները` հայրերը գովաբանելու ստեղծագործութեան մղումով: Այս հարցումն ալ ինքզինք կ՛արդարացնէ: Կը կարծենք, որ պատասխանը` հայրը իբրեւ արու էակ արդէն ուժ է եւ զօրութիւն, հետեւաբար կարիքը չունի փափուկ բառերու, քաղցր խօսքերու: Ճշմարտութիւն է նաեւ բաղդատութեան իրաւունքը, թէ մայրութեան վիճակուած պարտաւորութիւնը կամ ֆիզիքական «սուղ բեռը» ծանրակշիռ իմաստ մը կ՛ունենայ, որուն դիմաց տկար սեռ կոչուած այս արարածին զոհողութիւնը անկշռելի եւ անչափելի կը մնայ: Հայրերը լաւ գիտեն շալկել հոգեկան այս «բեռը», հետեւաբար ներողամտութեամբ կը դիմաւորեն մայրութեան նուիրուած տօնական հանդիսութիւնները:

Մեր հայրերը ինքնագով չեն, մեր հայրերը արժանապատիւ վեհանձնութեամբ կը մասնակցին մայրերուն նուիրուած հանդիսութեանց, կը ձայնակցին քաղցրահունչ երգերու, Յովհ. Շիրազ պատուած է մայրը գերազանցօրէն հնչեղ ու սրտաբուխ բառերով, որոնք օրհներգութեան սրբութիւնը ունին:

«Մայրս փոքրիկ, մայրս հեզ,
Մայրս մի մայր հասարակ,
Մայրս այս մայր երկրի մէջ
Արեւին դէմ մի ճրագ»:

Հայրերուն անմիջական ներկայութիւնը ընտանիքին մէջ անհերքելի զօրութիւն է, ինչ որ յաճախ կը պակսի «փխրուն» մօր մը: Հոս կը փնտռուի ոչ թէ ուժին ազդեցութիւնը, այլ «շուքին» վեհ հովանին: Վեհութիւն է հայրութիւնը, լռելեայն ըմբռնուած առաքինութիւն մը: Տան հիմն է հայրը, որուն վրայ կը կանգնին սիւները: Երկուքով օճախին ամբողջութիւնն են:

Այս պարագային ԸՆՏԱՆԻՔ հասկացողութեան մասին մտածելով հանդերձ, եւ անոր անխախտ գոյութեան կարեւորութեան գիտակից, կ՛ուզենք շեշտը դնել ՀՕՐ մը առաքինութեան, նուիրումին վրայ, որոնց մասին կարգ մը բանաստեղծներ եղած են արդար ու արժեւորած են ՀԱՅՐԸ երգեր հիւսելով, երաժիշտներն ալ յօրինումներ կատարելով:

«Հայր իմ մանկուց սիրել եմ քեզ» երգը ծանօթ է բոլորիս: Հեղինակը բացայայտած է հօր եւ զաւկի սէրը, որ աստուածային ներշնչումն իսկ է:

Պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ունեցած է իր նշանաւոր Խրիմեան Հայրիկը: ՀԱՅՐԻԿ տիտղոսը տուած է ժողովուրդը` հաւատալով հայր բառին հզօրութեան, մեծ պաշտպան մը ըլլալու կարողութեան:

Մեր հայրերը պատուական են եւ կը պահեն ընտանիքին հզօր կառոյցը: Կրնանք ըսել իբրեւ շնորհաւորանքի խօսք` «Հայրերը հայոց, փրկութեան ամրոց»:

Այս հաւատքով կը շնորհաւորենք մեր բոլոր հայրերը եւ կը մաղթենք, որ բազմանայ մեր հայրերուն թիւը` պահպանելու համար հայուն երթը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES