Չինաստան Սուրիական Տագնապը Լուծելու Համար Չափազանցուած Ճնշումներու Ու Պատժամիջոցներու Որդեգրման Դէմ Է

Ռիատ Մոհամետ Հատտատ

Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Մոհամետ Հատտատ յայտնեց, որ Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին ետին «ահաբեկչական խմբաւորումները» կը կանգնին: Ան նշեց, որ զոհերը սպաննուած են մօտ հեռաւորութենէն արձակուած փամփուշտներով եւ ոչ թէ ռմբակոծման կամ բնակարաններու քանդումի, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ զոհերն ու ընտանիքները ուղղակի թիրախ դարձած են:

Ան ըսաւ, որ զոհերուն շարքին են մանուկներ եւ հարց տուաւ, որ անոնց սպանութիւնը ապահովական ուժերուն համար ի՞նչ նպատակ կ՛իրագործէ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ինք սուրիական տագնապը լուծելու համար չափազանցուած ճնշումներու ու պատժամիջոցներու որդեգրման դէմ է` վերահաստատելով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի ծրագիրին իր զօրակցութիւնը:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր հսկիչ Ռիատ Շաֆաքա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն, մասնաւորաբար փոքրամասնութեանց վստահեցուց, որ ապագայ Սուրիոյ մէջ իրենց կացութիւնը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը բոլորին իրաւունքը պիտի երաշխաւորէ: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ իւրաքանչիւր անհատ առանց խտրութեան նոյն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները ունեցող քաղաքացի է` առանց որեւէ խտրութեան, ըլլայ այդ կրօնական թէ ազգային:

Միւս կողմէ, Ռիֆ Տիմաշքի Սայիտա Զէյնապ շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը 14 վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց: Պայթումը արդիւնք էր ականուած ինքնաշարժով բացօթեայ կառատան մը մէջ անձնասպանական գործողութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES