Եգիպտոսի Սահմանադրական Դատարանը Կը Հրամայէ Լուծարել Խորհրդարանը

Մոհամետ Մուրսի

Եգիպտոսի Սահմանադրական դատարանը հրամայեց լուծարել անցեալ տարի ընտրուած խորհրդարանը` նշելով, որ մեծամասնական համակարգով ընտրուած աթոռներուն մէկ երրորդը «ապօրինի» են:

Դատարանը անջատ վճիռով մը որոշեց, որ նախկին վարչապետ Ահմետ Շաֆիք կրնայ այս շաբաթավերջին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին թեկնածու մնալ` նշելով, որ Մուպարաքի ժամանակաշրջանի քաղաքական գործիչները քաղաքական մեկուսացման ենթարկող օրէնքը հակասահմանադրական է: Նշենք, որ Շաֆիքի մրցակիցն է Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսի:

Եգիպտական «Մենա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «սահմանադրական դատարանը իր վճիռին մանրամասնութեան մէջ յայտնեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները հակասահմանադրական էին, եւ խորհրդարանի ամբողջ կազմը իր ընտրութենէն ի վեր ապօրինի է»:

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Ֆարուք Սուլթան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «խորհրդարանին նկատմամբ վճիռը ամբողջ խորհրդարանի լուծարումը կը ներառէ, որովհետեւ այն օրէնքը, որուն հիմամբ ընտրութիւնները կատարուեցան, կը հակասէ սահմանադրութեան դրոյթներուն»:

Դատարանի որոշումը Եգիպտոսի մէջ բողոքի ալիք մը բարձրացուց: «6 ապրիլ» շարժումը յայտարարեց, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը Եգիպտոսի յեղափոխական ուժերը կը գրգռէ: «Ղատ Սաուրա» կուսակցութեան ղեկավար Այման Նուր յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը աւելի քաղաքական է, քան իրաւաբանական: Իսլամ եղբայրներու բանբեր Մոհամետ Ղազլան իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մենք գիտենք, որ բոլոր հարցերը քաղաքականացած են»:

Սալաֆական «Նուր» կուսակցութեան բանբեր Նատեր Պաքար յայտնեց, որ որոշումը  «ցնցիչ» է եւ ի նպաստ նախագահական թեկնածու Մուրսիի: Ան նշեց, որ յեղափոխական երիտասարդներն ու ուժերը կը զգան, որ «յեղափոխութիւնը իրենցմէ կը խլուի»: Նախագահական առաջին հանգրուանին պարտութեան մատնուած թեկնածու Ահմետ Շաֆիք խորհրդարանի լուծարումը «յեղաշրջում» կը նկատէ:

Մոհամետ Պարատէի զգուշացուց, որ առանց սահմանադրութեան եւ խորհրդարանի նախագահի մը ընտրութիւնը վերջինիս բացարձակ լիազօրութիւններ պիտի շնորհէ:

 

Share this Article
CATEGORIES