Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Մեքսիքայի դեսպանները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Քուրայի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն, իրենք կը զօրակցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուին` Ֆատի Քարամի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն դեսպան Ռոպըրթ Ուաթքինզ այցելեց Զահլէի սերայը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի ապահովական պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ ուղղուեցաւ Արսալ:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ժամը 1:30-ին, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած է պայթում մը, որուն պատճառով քանդուած է Ֆաթհի նախկին պատասխանատուներէն Մանսուր Ազզամի ինքնաշարժը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը որոշում տուած է մնայուն ներկայութիւն դառնալու Արսալի, յատկապէս Խըրպըթ Տաուտի մէջ:
ԸՍՏ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին, ապահովական աղբիւրներ հերքած են այն տեղեկութիւնները, թէ սուրիական ուժերը Լիբանանի մէջ ականներ լարած են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ լիբանանցիներու կողմէ հողեր գնելու երեւոյթին 90 առ հարիւրը կը կատարուի լիբանանեան այն շրջաններուն մէջ, որոնք բնակուած են քրիստոնեաներով:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը վերջ տայ իր չէզոք կեցուածքին եւ որոշէ պաշտպանել երկրին ազգային գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Պաապտայի յայտարարութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ կառավարութիւնը հիմնական ու սահմանադրական դերակատարութիւն ունի այդ յայտարարութիւնը գործադրելու առումով:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ինք պահանջած է Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկել նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի սկսած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վրայ յարձակումներ գործել:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պարտաւոր են պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ հաշուի առնել երկրին շահերը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի ղեկավարներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ուատի Խալետի մէջ արձանագրուած դէպքերը կը նկատուին Պաապտայի յայտարարութիւնը հարուածելու առաջին փորձը:
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի ընդգրկէ պետական նշանակումներու առաջարկներ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք Լիբանանի սահմաններուն դէմ սուրիական ոտնձգութիւններուն առումով կառավարութիւնը հարցապնդումի պիտի հրաւիրեն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին ընդդիմութիւնը պիտի արծարծէ Լիբանանի դէմ գործուող ոտնձգութիւններուն վերաբերող հարցերը:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապալի կացութեան վատթարանալուն պարագային, Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին Լիբանան այցելութիւնը կրնայ ջնջուիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք Ազգային երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցին` ընդգծելու համար զէնքին պետութեան յանձնուելուն անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը անկարող է լիբանանեան բանակին քաղաքական հովանաւորութիւն ապահովել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Ռաատի կատարած կծու յայտարարութիւնները երբեք քաջալերելի չեն եւ կ՛իյնան սպառնալիքի շրջագիծին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ եթէ երկխօսութեան յառաջիկայ նիստին Հըզպալլայի ապազինումը լուսարձակի տակ չառնուի, ապա հաւանական է, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երկխօսութեան իր մասնակցութիւնը յետս կոչէ` առ ի յարգանք իր համակիրներուն:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութիւնը ընդգծեց երկրին մէջ սադրանքները կանխարգիլելու, Ազգային երկխօսութեան նիստէն բխած որոշումներուն զօրակցելու եւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն ողջունեց Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը, Լիբանանը առանցքներու քաղաքականութենէն զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ անջատման գօտիի մը ստեղծումին մերժումը:

