Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Իրանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարարի օգնական Մեսուտ Մուահատին եւ իրանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց ընկերակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:
Իրանեան պատուիրակութիւնը Լիբանան կը գտնուէր «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին Մուահատի նախարար Սապունճեանին փոխանցեց Իրան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը` ծանօթանալու համար իրանեան ճարտարարուեստին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան


