Զիատ Պարուտ Պիտի Մասնակցի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Զիատ Պարուտ

Նախկին նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Քեսրուանի ընտրաշրջանէն:

Պարուտ նկատել տուաւ, որ ներկայ հանգրուանին ինք լրջօրէն պիտի խորհրդակցի լիբանանեան բոլոր կողմերուն հետ` առանց անոնց մասին պաշտօնապէս կեցուածք ճշդելու:

Պարուտ նկատել տուաւ, որ ինք տակաւին քաղաքական ոչ մէկ կողմի հետ քննարկած է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES