Երեք Ամսական Մանուկ Մը Կը Սպաննուի
Երեք ամսական մանուկ մը` Ղինա Մահմուտ Հաուանա երէկ անշնչացած փոխադրուեցաւ Հատաթի «Սենթ Թերեզ» հիւանդանոցը, ուր ի յայտ եկաւ, թէ ան ենթարկուած է խոշտանգումի եւ ծեծի, որոնք անոր փափուկ ոսկորներուն մէջ յառաջացուցած են կոտրտուքներ` սկսելով գանկէն հասնելով մինչեւ կրծքավանդակը, ձեռքերն ու ոտքերը:
Վիրաբուժ Պասսամ Ֆղալի անմիջապէս իմացաւ, թէ մանուկը մահացած է եւ փոխանցեց անոր ենթադրեալ հօր եւ մօր, թէ իրենց զաւակը մահացած բերած են հիւանդանոց:
Այս յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք մայրը եւ հայրը զիրար ամբաստանած են մանուկը սպաննելու յանցանքով:
Ղինայի ենթադրեալ ծնողքը անմիջապէս ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, որ զանոնք հարցաքննութեան ենթարկեց:
Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր փութաց հիւանդանոց: Ան շեշտեց, որ նման միջադէպեր ցոյց կու տան վայրագութիւն մը, որ մերժելի է եւ որուն պատճառով այդ ահաւոր ոճիրը գործող կողմերը սուղ պիտի վճարեն եւ խստագոյն պատիժներու պիտի ենթարկուին:

