Քլինթըն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Միքաթիի Կառավարութեան
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, որ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան եւ կ՛ողջունէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Քլինթընի` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս լիբանանեան բանակին յատկացուելիք գումակային օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

