Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Բանակի Հրամանատարն Ու Զօր. Սերրան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիա-Լիբանան սահմանամերձ շրջանին եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Արսալի զարգացումները, ինչպէս նաեւ նախորդ օրերուն արձանագրուած շարժումներն ու ոտնձգութիւնները:
Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի շեշտեցին բանակին կողմէ ձեռնարկուելիք հսկողութեան խստացման անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց օրինական հարցեր եւ դատական իշխանութեանց վերաբերող օրէնքներ:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Ուաժիհ Պաարինի, Մոհամետ Օուատ, Մոհամետ Թըպպօ, Նազիհ Մանսուր, ինչպէս նաեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի ընտանիքը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արտայայտած իր կեցուածքներուն մէջ հիմնուած է Թաէֆի համաձայնագիրին, Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու կարեւորութեան վրայ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ իրենք չեն խուսափիր զէնքի թղթածրարը քննարկելու հաւանականութենէն:
Նախագահ Սլէյման նաեւ յայտնեց, որ Պաապտայի յայտարարութեան մէջ ներառուած այդ կէտը, որուն համաձայն, Լիբանանը պէտք է զանց առնել շրջանային տագնապներէն եւ առանցքային քաղաքականութիւններէն, ուխտի համազօր է եւ զայն պէտք է որդեգրեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:


