Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքներուն Յատկացուած Գումարը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկած է 2012-ի իր աշխատանքներուն համար  պետական գանձարկղէն պահանջուած առ հաշիւ գումարին թղթածրարը եւ վաւերացուցած զայն:

Տաուք նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ նկատի ունենալով հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու ապահովական մնայուն խախտումները, լիբանանեան բանակը տեղակայուած պիտի մնայ այդ շրջանին մէջ` պարտադրելու համար լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը:

Տաուք նկատել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման գնահատած է նաեւ լիբանանցի վիպագիր Ամին Մաալուֆի անդամակցութիւնը Ֆրանսական ակադեմիային` աւելցնելով, որ Մաալուֆը պարգեւատրելու նպատակով լիբանանեան պետութիւնը անոր անունով դրոշմաթուղթ պիտի հրապարակէ:

Տաուք նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաւանութիւն յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ միջոցառումներուն դիմէ` Քուրայի մասնակի ընտրութիւնները կատարելու նպատակով:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 27 յունիսին` Պաապտայի մէջ, քննարկելու համար 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը: Ան մաղթեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի առողջացած ըլլայ ու ներկայ գտնուի այդ նիստին:

 

Share this Article
CATEGORIES