«Սիվիլիթաս». «Այս Ամէնը Կը Միտի Խոչընդոտել «Սիվիլիթաս»-ի Եւ «Սիվիլնեթ»-ի Գործունէութիւնը»

«Սիվիլիթաս» հիմնադրամը հրապարակեց յայտարարութիւն մը` կապուած Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ հիմնադրամի գործունէութեան հետ կապուած քրէական գործի յարուցման հետ:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ արդէն շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի եւ «ՍիվիլՆեթ» լրատուամիջոցի ուշադրութիւնն ու ջանքերը շեղած են իրենց հիմնական առաքելութենէն: «Փոխանակ կեդրոնանալու քաղաքացիական հասարակութիւնը զօրացնելու եւ մարդոց այլընտրանքային, առարկայական լրատուութիւն մատուցելու մեր գործին վրայ` մենք կը պատասխանենք «դրամ լուալու եւ հարկերէն խուսափելու» մասով յարուցուած հիմնազուրկ քրէական գործէն բխող հարցերուն:

Ըստ յայտարարութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շեղած է ազգային իսկական անվտանգութիւնը ապահովելու անոր կարեւոր առաքելութենէն եւ ստիպուած է զբաղիլ որոշ փաստերի փնտռտուքով, որոնք անհրաժեշտ են կատարուած եզրակացութիւնը հիմնաւորելու համար: Յստակ է, որ այս ամէնը միտուած է խոչընդոտելու «Սիվիլիթաս»-ի եւ «ՍիվիլՆեթ»-ի գործունէութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «Սիվիլիթաս»-ի նախաձեռնած ծրագիրները այս չորս տարիներուն ընթացքին իրականացուած են եւ կ՛իրականացուին հիմնադրամի կանոնադրութեան եւ Հայաստանի օրէնքներու պահանջներուն խստագոյն կատարումով:

Ընդգծուած է նաեւ, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդի որեւէ անդամի եւ կամ ոեւէ աշխատակիցի քրէական մեղադրանքի մէջ կասկածիլը ահազանգ է Հայաստանի` արհեստավարժ, իր գործին նուիրուած նոր սերունդին, որ կը գիտակցի, որ իր պատասխանատուութիւնն ու իրաւունքն է մասնակցիլ Հայաստանի կառավարման:

Յայտարարութիւնը անընդունելի նկատեց, որ այս ամէնուն մէջ կը շօշափուի Ճոն Հանթսմանի նման մեծ բարերարի մը անունը, մարդ մը, որ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ անգնահատելի բարեգործութիւն եւ ներդրումներ կատարած է: Հարց կը տրուի, որ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները պատրա՞ստ են օտարանալ բոլոր այն մարդոց եւ հաստատութիւններուն հետ, որոնք Հայաստանի ժողովրդավարացման ու զարգացման գործին մէջ այդքան մեծ ներդրում ունեցած են:

«Հասարակական այն լայն աջակցութիւնը, որ «Սիվիլիթաս» կը ստանայ այս օրերուն, ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի քաղաքացիի իրաւունքները պաշտպանելու մեր գործը պիտի շարունակենք միասին», կ՛ընդգծէ յայտարարութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES