«Սահմանային Միջադէպերու Հետաքննութիւնը Գոյութիւն Ունեցող Սթաթիւս Քոն Պիտի Ամրապնդէ» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Պաքու կը հրաժարի սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծումէն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր անցեալ տարի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ յայտարարած է, որ «ներկայ իրավիճակին մէջ նման մեքանիզմի ստեղծումը կը նշանակէ սթաթիւս քոն աւելի ամրապնդել»:
Ան նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճան համաձայն է առաջարկին, սակայն «այդ մեքանիզմը կրնայ գործել այն ժամանակ միայն, երբ հայկական զօրքերը լքեն Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքները»: Աւելի՛ն, ըստ անոր, զօրքերու հեռացումէն ետք, այդ մեքանիզմի կարիք այլեւս չ՛ըլլար:
«Եթէ Հայաստան չ՛ուզեր, որ իր զինուորները զոհուին, թող ազրպէյճանական հողերը ազատէ: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, արձակազէններու կարիքը ալ չի մնար», յայտարարած է Մամետեարով:
Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ անդրադարձած է Կապալայի ռատարի կայանի հարցին` նշելով, որ Ռուսիոյ կողմէ ատոր վարձակալութեան հարցը պիտի լուծուի մինչեւ 2012-ի վերջը:
«Տակաւին կանուխ է բանակցութիւններու արդիւնքին մասին խօսելու: Կողմերը տակաւին կը շարունակեն քննարկումները», ըսած է ան:
Նշենք, որ Ռուսիոյ կողմէ կայանի շահագործման համաձայնագիրին ժամկէտը պիտի աւարտի 2012-ի վերջաւորութեան, սակայն ազրպէյճանական կողմը համաձայնագիրի վերանորոգման համար 300 միլիոն տոլար կը պահանջէ:


