Մոռնինկսթար Ղարաբաղի Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հարցումներու Պատասխանած Է

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի նշանակման ունկնդրութիւններուն ժամանակ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի իրավիճակի սրման դէպքերը քննարկուած են:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւրոպական հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Ճին Շահին եւ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտես դեսպանի թեկնածու Ռիչըրտ Մոռնինկսթարին քանի մը սուր հարցումներ ուղղած են` կապուած Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն, Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:

Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին Մոռնինկսթար նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է շարունակեն Ազրպէյճանի հետ աշխատիլ եւ խորհուրդներ տան` ժողովրդավարացման ու տնտեսական բարեփոխումներուն վերաբերեալ եւ պէտք է շարունակեն նաեւ միջնորդական առաքելութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար:

Մենենտես ուշադրութիւն հրաւիրած է Ազրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ իրականացուած վերջին յարձակումներուն վրայ եւ յիշեցուցած, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ իրենց թշնամիները հայերն են, եւ որ հայերը պէտք է միշտ վախի մթնոլորտի մէջ ապրին: Ան հարցուցած է, թէ արդեօք նման յայտարարութիւններ կատարող երկրին զինուորական սարքեր վաճառելը Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի՞:

«Լարուածութիւնը մեծ է նաեւ Ազրպէյճանի այլ դրացիներուն հետ` մասնաւորաբար Իրանի: Ես կը կարծեմ, որ հաւանական զինուորական աջակցութիւնը ոչ մէկ պարագայի կրնայ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ օգտագործուիլ», ըսած է ան:

Պատասխանելով Մենենտեսի` Ազրպէյճանի կողմէ հայկական Ջուղայի գերեզմանատան աւերման վերաբերող հարցումին, Մոռնինկսթար ըսած է. «Ես չեմ գիտեր: Սակայն եթէ դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակուիմ, ապա ամէն ինչ պիտի ընեմ այդ վայրը այցելելու համար: Նման որեւէ գործողութիւն անընդունելի է, եւ ես ամէն ինչ պիտի ընեմ այնտեղ այցելելու համար»:

Ծերակուտական Մենենտես նաեւ հարց ուղղած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ նշած, թէ «արդեօք 1.5 միլիոն հայերու դաժանաբար սպանութեան փաստը վիճարկելի՞ է ձեզի համար», Մոռնինկսթար պարզապէս պատասխանած է` «ոչ»:

Share this Article
CATEGORIES