ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կ՛ուզէ Իրլանտական Փորձառութիւնը Կիրարկել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր յայտարարած է, որ կ՛ուզէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ իրլանտական փորձառութիւնը կիրարկել:
«Անշուշտ, զանազան տագնապներ չեն կրնար միատեսակ ըլլալ, Սակայն ատոնք կրնան նաեւ ունենալ իրարու նման կողմեր, որոնք ես պիտի ուզէի գտնել եւ օգտագործել (ԵԱՀԿ-ի մէջ) իմ նախագահութեան տարուան ընթացքին` (ղարաբաղեան) տագնապի լուծման օգնութիւն ցուցաբերելու համար», ըսած է Կիլմոր երէկ` Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի տեղակալ Պահար Մուրատովայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին:
ԵԱՀԿ-ի նախագահը ընդգծած է, որ տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ճամբով` նշելով, որ լուծման հոլովոյթը, ինչպէս եղած է Իրլանտայի պարագային, կրնայ շատ ժամանակ պահանջել:
Կիլմոր նաեւ անհանգստութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ յառաջացած լարուածութեան առնչութեամբ` ընդգծելով նման իրավիճակի անթոյլատրելիութիւնը:


