Տենի Թարքանեան Նեւատայի Նախնական Ընտրութեան Ընթացքին Յաղթանակ Արձանագրած Է

Տենի Թարքանեան

«Լաս Վեկաս Սան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նեւատայի նահանգային Քոնկրեսի ընտրութիւններու նորաստեղծ չորրորդ շրջանին մէջ 12 յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցած նախնական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է ամերիկահայ գործարար Տենի Թարքանեան, որ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու հանրապետական կուսակցութիւնը: Ան քուէներուն 32 առ հարիւրը ապահովելով գերազանցած է եօթը մրցակիցներ:

Թարքանեանի յաղթանակի նշանակալից կէտերէն մէկը այն է, որ անոր բազմաթիւ կուսակիցներ ընտրապայքարէն դուրս եկած էին զայն նկատելով անյոյս պայքար մը, որովհետեւ չորրորդ շրջանին մէջ ընտրողները յայտնի են Դեմոկրատական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց համակրանքով: Բացի ատկէ, Թարքանեան վերջերս դատարանին մէջ 17 միլիոն տոլարի գործ կորսնցուցած էր:

Օրաթերթը կը նշէ, որ դէպի յաղթանակ Թարքանեանի ուղին «քարքարոտ» եղած է, իսկ յառաջիկային ալ աւելի դժուար պիտի ըլլայ. նոյեմբերին ան պէտք է պայքարի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար դեմոկրատական Սթիվըն Հորսֆըրտի դէմ:

Այս առիթով Թարքանեան` դիմելով գիւղատնտեսական շրջաններու պահպանողական եւ չափաւորական հայեացքներու տէր ընտրողներուն, ըսած է, որ Հորսֆըրտ նախագահ Օպամային չափազանց մօտ կանգնած է: «Հորսֆըրտ մեծ առաւելութիւններ պիտի ունենայ… ան շատ դրամ պիտի ունենայ, ան բեղուն դրամահաւաք կը կատարէ եւ անոր ամբողջ ծերակոյտի շրջանը այս շրջանին մէջ է, սակայն կը զգամ, որ ես աւելի լաւ թեկնածու եմ», ըսած է Թարքանեան:

Թարքանեանի թեկնածութեան աջակցութիւն յայտնած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` զինք նկարագրելով իբրեւ «հպարտ ամերիկահայ» մը, որ քոնկրեսին մէջ պատշաճ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ, եւ ամերիկահայերուն կոչ ուղղած էր իրենց ձայնը Թարքանեանի տալ:

 

Share this Article
CATEGORIES