9-14 Յուլիսին Ֆութպոլի Յատուկ Բանակում` «Սան Սիթի»-ի Մէջ
Հովանաւորութեամբ սպանական Պարսելոնա ակումբին, մարզիչ Էլի Աուն, գործակցութեամբ «Սան Սիթի» համալիրին (Աժալթուն), կը կազմակերպէ տղոց եւ աղջկանց ֆութպոլի յատուկ բանակում մը` 9-14 յուլիսին:
Այս բանակումին, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան յատուկ մարզումներ, պիտի հսկեն ֆրանսացի մարզիչ Ռոտրիք Փուաթիէ եւ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Տօ Քարվալօ:
Այս փորձերը տեղի պիտի ունենան իւրաքանչիւր օր ժամը 16:00-էն 20:00: Բանակումին աւարտին բոլոր մասնակցողներուն պիտի տրուին յատուկ վկայագիրներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս բանակումին մասնակցիլ, պարտին կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին` 03-668603:
Այլ գետնի վրայ, մարզիչ Էլի Աուն յառաջիկայ 15 օգոստոսին պիտի մեկնի Պարսելոնա, ուր Քաթալոնիա ակումբին հետ պիտի ստորագրէ պայմանագրութիւն մը, որպէսզի Փենիաս ակումբը Լիբանանի մէջ բանայ իր նոր մասնաճիւղը:

