Եուրօ-2012. Իրլանտա Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն. Իտալիա – Խրուաթիա` 1-1

Իտալիոյ կոլը` Խրուաթիոյ բերդին մէջ

Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` մրցաշարքին 7-րդ օրը, Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Իրլանտա, որ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Եւրոպայի ախոյեան Սպանիայէն, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ դուրս մնաց մրցաշարքէն` կրելով իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը:

Իրլանտա, որ այժմ առանց կէտի կը գրաւէ վերջին դիրքը, թէեւ մրցում մը եւս ունի կատարելիք Իտալիոյ դէմ, նոյնիսկ եթէ յաղթէ, պիտի չյաջողի գերազանցել Սպանիան եւ Խրուաթիան, որոնք այժմ ունին 4-ական կէտ: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:

Խրուաթիոյ կազմը

Երէկուան այս մրցումին, աւելի քան 39 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սպանիոյ չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Ֆեռնանտօ Թորես (4-րդ եւ 70-րդ), Տաւիտ Սիլվա (49-րդ) եւ Սեսք Ֆապրեկաս (83-րդ):

Սպանիա գրեթէ ամբողջութեամբ ինք եղաւ տիրապետողը այս մրցումին` գնդակը անոր մարզիկներուն մօտ մնալով 66 տոկոսով: Անոր մարզիկները 15 անգամ հարուածեցին մրցակիցին բերդին ուղղութեամբ (Իրլանտա` 2), իսկ անիկա ձեռք ձգեց 8 քորնըր, մինչ Իրլանտա 2:

Նախքան այս մրցումը, իրարու դէմ ճակատեցան Իտալիա եւ Խրուաթիա:

Թէեւ Իտալիա ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Անտրէա Փիրլոյի նշանակած կոլին (39-րդ), սակայն խրուաթները 72-րդ վայրկեանին նշանակեցին իրենց հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Կորտըն Շիլտընֆելտի:

Ֆեռնանտօ Թորես (թիւ 9), որ նշանակեց Սպանիոյ երկու կոլերը

Ստորեւ` Գ. խմբակին դասաւորումը.

Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Սպանիա 1 1 0 5 1 4
2.- Խրուաթիա 1 1 0 4 2 4
3.- Իտալիա 0 2 0 2 2 2
4.- Իրլանտա 0 0 2 1 7 0

 

Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն (Դ. խմբակ), անոնք պիտի կատարուին հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

 

Իրլանտական յուսախաբութիւն

ԺԱՄ
Ուքրանիա – Ֆրանսա 19:00
Շուէտ – Անգլիա 21:45
Share this Article
CATEGORIES