Եուրօ-2012-Ի Ֆութպոլի Մրցումները` ՀՅԴ «Սարդարապատ» Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ ուղղակիօրէն կը պատկերասփռուին Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները:

Մոնտիալէն ետք երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը նկատուող Եւրոպայի ֆութպոլի այս ախոյեանութեան, իւրաքանչիւր օր քոլեճին շրջափակը ողողուած կ՛ըլլայ հայ ֆութպոլասէր համակիրներով, որոնք այս ախոյեանութիւնը կ՛ըմբոշխնեն հայկական հարազատ մթնոլորտի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES