Ճատրակ. 2014-ի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ

Armchess.am ճատրակի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնին որոշումով, 2014-ի Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը Եւրոպայի ֆետերասիոնին իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր` այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար: Անիկա, քննարկելէ ետք Հայաստանի առաջադրած թեկնածութիւնը, ատոր իր հաւանութիւնը տուած էր:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը ծրագրուած է նուիրել աշխարհի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին. 2014-ին անոր ծննդեան 85-ամեակն է:

Կը շնորհաւորենք Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը` այս ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրը ըլլալուն համար:

Share this Article
CATEGORIES