Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան` Ախոյեան

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 73-61 արդիւնքով պարտութեան մատնելով մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Յորդանանը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան գրաւելով պարագլուխի դիրքը, հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան, թէեւ անիկա մրցում մը եւս ունի կատարելիք Պաղեստինի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-19, 36-31, 55-44 եւ 73-61:

Լիբանանի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, ինչպէս նաեւ ուրիշներ շնորհաւորեցին ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթը:

Այսպիսով, Լիբանան, ինչպէս նաեւ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւող խումբը, իրաւունք կը ստանան մասնակցելու Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին (Սթանքովիչի բաժակ):

Share this Article
CATEGORIES