ԵՄԷՆԻ ՑՈՅՑԵՐԸ. ՍՈՐՎԻԼ` ԱՌԱՆՑ ՎԱԽԻ ԽՕՍԻԼ
Եմէնի մէջ հակակառավարական ցուցարարներ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը կը շարունակեն պահանջել` հակառակ իրենց դէմ գործադրուող ձերբակալութիւններուն, խոշտանգումներուն եւ կրակոցներուն:
Կողմնակի փողոցի մը մէջ, խոշոր ծառի մը շուքին տակ, մարդոց փոքր խումբ մը կիներով եւ երեխաներով կեցած` կը դիտեն զինուոր մը, որ այցելուներուն բերած խմորեղէնի, բրինձի եւ ձուկի ամաններուն մէջ կը մխրճէ ձեռքերը:
Ան կը փնտռէ որեւէ բան, որ հոն պէտք չէ ըլլայ:
Երեքշաբթի առաւօտ է. բանտարկեալներու այցելութեան ժամ, մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Եմէնի քաղաքական ապահովական արգելարանը:
Ներսը լուռ է, անշարժ: Այստեղէն չեն լսուիր դուրսի, քաղաքի «Փոփոխութիւն» հրապարակին մէջ ցուցարարներուն կանչերը:
Ալիային համար սպասելէ բացի ոչինչ կայ: Անոր երկու փոքր դուստրերը կը մաքրեն իրենց կօշիկները անապատի փոշիէն եւ կը կառչին իրենց մօր ապայայէն` երկար, սեւ պատմուճանը, զոր Եմէնի մէջ կիներու մեծամասնութիւնը կը հագնի:
Ձուկի եւ սփակեթիի հոտը կը սկսի ծփալ փողոցին մէջ:
Ալիա բանտ եկած է այցելելու համար Ուալիտին` իր ամուսինին, զոր մէկուկէս տարի առաջ ապահովական ուժերը ձերբակալած են:
Այդ երեկոյեան, երբ Ուալիտ տակաւին աշխատանքի էր, ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ: Ոստիկանները պաշարեցին վայրը, Ուալիտի պատկանող գոյքն ու իրեղէնը գրաւեցին: Ուալիտ բնաւ տուն չվերադարձաւ:
ԼՈՒՌ ԲՈՂՈՔՆԵՐ
Երեք ամիս Ալիա չգիտցաւ, թէ ո՛ւր է իր ամուսինը, իշխանութիւնները պնդեցին, թէ տեղեակ չեն, Ուալիտի հետքը չկար:
Այդ ատեն Ալիա սկսաւ իր պայքարը: Պատրաստեց որմազդներ Ուալիտին դիմանկարով, որուն շուրջը Եմէնի սահմանադրութենէն մէջբերումներ տեղադրեց: Իր կեսրոջը հետ սկսաւ շաբաթական լուռ բողոքի ցոյցերու` ապահովական ուժերու գրասենեակներուն դիմաց:
Երթեր, քայլարշաւներ ըրաւ, այլ պայքարողներու հանդիպեցաւ եւ երեք ամիս ետք ի վերջոյ մղեց իշխանութիւնները, որպէսզի ընդունին եւ յայտնեն, թէ իրենք արգելափակած են Ուալիտը:
Քաղաքականներու յատուկ բանտին մէջ առաջին տեսակցութիւնը Ալիայի եւ Ուալիտի միջեւ դժուար եղաւ: Երկաթեայ ճաղերով երկու ցանկապատերով բաժնուած` դժուար էր խօսիլ ամուսինին հետ:
Ատկէ ետք անոնք վարժուեցան բանտ այցելելու եւ իրարու հետ բարձրաձայն զրուցելու այս ձեւին` անտեսելով ներկայութիւնը պահակներուն, որոնք կը լսէին իրենց ըսածները:
Ուալիտ ամբաստանուած է Իրանի հետ գործակցելու եւ շիի իսլամական շարժումին համակիր ըլլալու յանցանքներուն համար: Շարժումը Եմէնի հիւսիսային շրջանին մէջ պատերազմ կը մղէ կառավարութեան դէմ:
Ամբաստանութիւնը հիմնուած է այն փաստին վրայ, թէ Ուալիտ Իրանէն գիրքեր գնած է Եմէնի մայրաքաղաքին մէջ շիի գրախանութ մը հաստատելու համար, նաեւ` Ուալիտի խոստովանութիւններուն վրայ: Ըստ Ալիային, ամուսինը այդ խոստովանութիւնները տանջանքներու ենթարկուելով ըրած է:
Մինչ Ուալիտ կը սպասէ դատավարութեան, Ալիա հետզհետէ աւելի գործունեայ կը դառնայ:
Ատեն մը այնքան երկչոտ էր, որ ըստ ծնողներուն, հազիւ կը լսէիր զինք, երբ կը խօսէր:
Ալիա այժմ հաւաքներու ընթացքին խօսք կ՛առնէ եւ մամլոյ ասուլիսներ, հարցազրոյցներ կու տայ:
Որմազդները զետեղուած են իր ինքնաշարժին մէջ, պատրաստ` յաջորդ ցոյցին:
Կը թուի, թէ ոչինչ կը վհատեցնէ, կը վախցնէ զինք:
Անցեալ տարի Ալիա հրաւիրուեցաւ մասնակցելու մարդկային իրաւանց հարցերու յատկացուած համաժողովի մը, Պէյրութի մէջ, բայց իրեն արգիլուեցաւ օդանաւ բարձրանալ:
Փոխարէնը` զինք առաջնորդեցին յետնամասի գրասենեակ եւ անցագիրը գրաւեցին:
Շաբաթական ցոյցերէն մէկուն ընթացքին ապահովական ուժերուն կողմէ խոշտանգուիլը Ալիան աւելի քաջալերած է եւ ժպիտը երեսին կ՛ըսէ, թէ այժմ դէմքը բուժուած է, եւ թէ ինք պիտի շարունակէ աշխատանքը իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչ, նոյնիսկ` Ուալիտի ազատ արձակումէն ետք:
Ամուսինին արգելափակումը Ալիային կեանքը տարբեր ձեւերով փոխեց:
«Ես այսքան հզօր չեմ եղած», կ՛ըսէ Ալիա:
Այս հաստատ, աննահանջ, նուիրուած դիմադրութիւնը վստահաբար նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ներշնչել ուզածը չէր:
Հակառակ ատոր` յամառ դիմադրութիւնը կը կրկնուի Եմէնի ամբողջ տարածքին, փողոցներու եւ հրապարակներու մէջ, ուր ցուցարարները կը պահանջեն նախագահին 32 տարուան իշխանութեան աւարտը:
Ուալիտի քոյրը` Մաուաթհա ըսաւ.
«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ես գիտէի, որ նախագահ Սալեհ վատ է, բայց գիտէի, որ ոչինչ պէտք է ըսէի, Ուալիտի ձերբակալութենէն ետք մենք սկսանք աւելի բաց ըլլալ եւ մեր մտածածը ըսել: Այդ ձերբակալութիւնը մեզ մղեց առանց վախի խօսելու»:
Վերջին շաբաթներուն Եմէնի բոլոր խաւերէն մարդիկ սկսան առանց վախի խօսիլ, եւ մեծամասնութիւնը նախագահին «հեռացի՛ր» կ՛ըսէ:
Նախագահ Սալեհ թէեւ կը փորձէ շրջանցել այս ցոյցերը (արցունքաբեր կազով, վարձկաններու բռնարարքներով, շէնքերու տանիքներէն արձակազէններու գործունէութեամբ), սակայն ան միայն կը յաջողի աւելցնել ցուցարարներուն թիւը:
Ան կը բացայայտէ, որ ճնշումը կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ:
Բանտէն դուրս, ծառերուն ստուերները կը կծկուին, երբ արեւը գլուխներուն վերեւ կը շարժի: Կէսօրուան աղօթքի կանչը` ազանը կը սկսի արձագանգել ամբողջ քաղաքին մէջ, մէկ կանչը միւսին միանալով, մինչեւ որ վերածուի ձայնի շարժուն, ծփուն ալիքի մը:
Ոստիկանը ի վերջոյ կ՛աւարտէ Ալիայի եւ անոր դուստրերուն բերած ուտելիքի ամաններուն խուզարկութիւնը:
Երկար սպասում էր, բայց ի վերջոյ անոնց կ՛արտօնուի բանտ մտնել եւ Ուալիտի այցելել:
Բայց Եմէնի ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասէ տեսնելու համար, որ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ ուշադրութիւն կը դարձնէ փոփոխութեան իրենց կանչերուն:
ԺԱՆՎԻԵՒ ՊԻՔՆԷԼ