ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՏԸ ՎԱԼԵՐԱ ԲՐԻՏԱՆԻԱՅԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵՑ ԱՐԱՏԱՒՈՐԵԼ ԻՐԱ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐ ՌԱՍԸԼԸ

Քովենթրիի մէջ 1939-ին ԻՐԱ-ի կողմէ ականահարուած «Պրոտկէյթ»ը

Նոր հրապարակուած փաստաթուղթերէ կարելի է հետեւցնել, որ Իրլանտական ազատ պետութեան հիմնադիրներէն Իմոն տը Վալերա գաղտագողի համագործակցած է Բրիտանիոյ հետ` խորտակելու համար ԻՐԱ-ն (Իրլանտական հանրապետական բանակ):

Հրապարակուած փաստաթուղթերը կը բացայայտեն, որ տը Վալերա, որուն գլխաւորած կառավարութեան նախարարները բոլորն ալ ԻՐԱ-ի նախկին անդամներ էին (1930-ական թուականներու վերջաւորութեան), Լոնտոնին դիմած է, որպէսզի ան օգնէ իբրեւ համայնավար գործակալ արատաւորելու կազմակերպութեան ղեկավարը:

Լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ ԻՐԱ սկսաւ ականահարման արշաւի մը` Բրիտանիոյ դէմ, 1939 թուականի սկիզբը:

Այսպէս կոչուած «Սապոթաժ» կամ «Էս-ծրագիր»ով Բրիտանիոյ քաղաքները, ներառեալ` Լոնտոն, Մանչեսթըր, Պիրմինկհամ եւ Քովենթրի, թիրախ դարձան ԻՐԱ-ի ականահարող խմբակներուն:

Քովենթրի քաղաքին մէջ գործուած ականահարումին պատճառով 5 անձեր սպաննուեցան եւ 70 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

«ՀԻՆ ԹՇՆԱՄԻ»

Տապլինը, որուն մասին արձանագրուած է, թէ «լրջօրէն» անհանգստացած է ԻՐԱ-ի ականահարումներէն, նոյնիսկ Լոնտոնէն աւելի ուժգին հակադարձեց:

ԻՄՈՆ ՏԸ ՎԱԼԵՐԱ


 

 

 

 

 

– 1882-ին Նիւ Եորք ծնած է եւ երկու տարեկանին հօր մահէն ետք, Իրլանտա ղրկուած է բնակելու:
– Առաջնորդող դերակատարութիւն ունեցաւ 1916-ին Բրիտանիոյ դէմ Զատկուան ապստամբութեան մէջ, որուն համար բանտարկուեցաւ:
– Շին Ֆէյնը լքեց 1926-ին` կազմելու համար Ֆիաննա Ֆէյլ կուսակցութիւնը:
– Վարչապետ` 1932-1948 եւ երկու յաւելեալ նստաշրջան 1950-ականներուն:

Տը Վալերայի կառավարութիւնը Բրիտանիոյ դէմ ԻՐԱ-ի յարձակումները նկատեց իբրեւ սպառնալիք` իրլանտական պետութեան:

Տրուած ըլլալով, որ համաշխարհային պատերազմ մը հաւանական կը թուէր, տը Վալերա որոշեց, որ Իրլանտան պէտք է չէզոք մնայ:

Ան գիտէր, թէ ԻՐԱ-ի ծայրայեղական թեւը բնաւ պիտի չուզէր տեսնուիլ իբրեւ «հին թշնամի» Բրիտանիոյ դաշնակիցը, եւ թէ` այսպիսի դաշնակցութիւն մը կրնայ մղել Իրլանտան` քաղաքացիական այլ արիւնահեղ պատերազմի մը:

Բայց ան նաեւ գիտէր, որ եթէ այս երկիրը նկատուի իբրեւ սպառնալիք, Լոնտոն կրնայ ներխուժելու որոշում տալ:

Դժուար կը թուի հաւատալ, թէ ան նոյն «Հանրապետական» յեղափոխական գործիչն էր, որ առաջին ճակատին վրայ եղած էր բրիտանական տիրապետութեան դէմ 1916-ին գործուած «Զատկուան ապստամբութեան» ատեն:

Իրլանտական ազատ պետութեան վարչապետ դառնալէ ետք, 1936-ին, ան ապօրինի հռչակեց ԻՐԱ-ն, եւ Իրլանտայի վերամիացումը սահմանադրական միջոցներով հետապնդելու իր յանձնառութիւնը զինք մղեց բաժնուելու իր բազմաթիւ զէնքի ընկերներէն:

Հակառակ ատոր` քիչեր կրնային գուշակած ըլլալ, թէ ան շուտով բրիտանական օգնութիւն պիտի ընդունի իր զէնքի ընկերները խորտակելու, ճզմելու համար:

«ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ»ԷՆ` ՎԱԽ

1939-ին, ինչպէս փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, տը Վալերայի կառավարութիւնը Լոնտոնէն օգնութիւն խնդրեց ԻՐԱ-ի ղեկավար Շոն Ռասըլը իբրեւ համայնավար գործակալ արատաւորելու համար:

«Կ՛ենթադրուի, թէ 10-12 տարի առաջ ան խորհրդայիններու կողմէ կը վճարուէր իբրեւ խռովարար: Եթէ ասիկա հաստատող տրամադրելի որեւէ տեղեկութիւն կայ, կամ` տեղեկութիւն, թէ ներկայիս ան կը վճարուի արտաքին աղբիւրներէ, այդպիսի տեղեկութիւն մը ամէնէն մեծ օգտակարութիւնը պիտի ըլլայ Տապլինի իշխանութիւններուն համար, որովհետեւ ատիկա գործնականին մէջ պիտի ջնջէ անոր հետ իբրեւ հայրենասէր նահատակի վարուելու վտանգը…»:

Տապլին նաեւ դիմեց Լոնտոնի անոր հետ խորհրդակցելու` Բրիտանիոյ մէջ ականահարումներ կատարելու յանցանքով մեղադրուած ԻՐԱ-ի անդամներու դէմ արձակուած դատական վճիռներուն շուրջ:

Տը Վալերա մտահոգուած էր, որ բրիտանացիներուն ձեռամբ մահապատիժի գործադրութեան ենթարկուելիք անձերը Իրլանտայի մէջ նահատակներու կրնան վերածուիլ: Բայց ինք այդպիսի կասկած մը չունէր Իրլանտայի մէջ կատարուած ականահարումներուն համար մեղադրուածներուն առնչութեամբ:

Իրականութեան մէջ տը Վալերայի կառավարութիւնը բրիտանացիներէն աւելի ԻՐԱ-ի անդամներու դէմ մահապատիժ գործադրեց եւ նոյնիսկ փոխ առաւ Մեծն Բրիտանիոյ ամէնէն հռչակաւոր դահիճը` Ալպեր Փիերփուան, դատապարտեալներէն մէկը կախաղան բարձրացնելու համար:

Պատերազմի ընթացքին Տապլին արգելափակեց աւելի քան 1500 ԻՐԱ-ի կասկածեալներ, եւ անոնցմէ ոմանք մահացան իրլանտական բանտերուն մէջ հացադուլի պատճառով:

ՀԻԹԼԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Իբրեւ հետեւանք ԻՐԱ սկսաւ օգնութեան համար նացիական Գերմանիոյ ուղղել աչքերը:

Բրիտանիոյ մէջ առաջին ականահարումէն կարճ ժամանակ ետք, Շոն Ռասըլ եւ ԻՐԱ-ի ականահարումներու պատասխանատու Ճիմ Օ՛Տոնովան Պերլին մեկնեցան տեսակցելու համար Գերմանիոյ բանակի գաղտնի սպասարկութեան` Ապուէհրի հետ:

Ճիմ Օ՛տոնովան քանի մը անգամ Գերմանիա ճամբորդեց

Այն ատեն Հիթլեր մերժեց դրամական օգնութիւն յատկացնել ականահարումներու անոնց արշաւին` «Էս-ծրագիր»ին, վախնալով, որ ատիկա Բրիտանիոյ հետ հակամարտութիւն կը հրահրէ:

Բայց երբ պատերազմը բռնկեցաւ, Հիթլեր որոշեց դրամ, ձայնասփռող սարքեր եւ լրտեսներ առաքել Իրլանտա:

Վերջիններէն շատեր փաստօրէն անատակ դուրս եկան եւ չարդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

1940 թուականի յունիսին գերմանացի երեք լրտեսներ, որոնցմէ մէկը` Հնդկաստանի քաղաքացի, Իրլանտայի ափամերձ շրջաններուն մէջ նաւաբեկուեցան:

Անոնցմէ երկուքը անգլերէն չէին գիտեր, իսկ Հնդկաստանի քաղաքացի գործակալը գիւղական շրջանի մը մէջ ակնբախ տարօրինակութիւն էր:

Ի վերջոյ ցամաք հասնելով` անոնցմէ մէկը ոստիկանի մը հարցուց, թէ արդեօք Քորքի մօտե՞րն են:

Երեքն ալ անմիջապէս ձերբակալուեցան:

Սակայն, հակառակ այս բոլորին, Ճիմ Օ՛Տոնովան հմայուած էր Հիթլերով: Արդարեւ, պատերազմի առաջին տարիներուն ան հետզհետէ աւելի հետաքրքրուեցաւ նացիներու գաղափարախօսութեամբ եւ երեք անգամ Գերմանիա այցելեց:

Նացիներուն հետ իր հօրը աշխատանքին մասին առաջին անգամ խօսելով` Ճերալտ Օ՛տոնովան, որ այն ատեն պատանի էր, ըսաւ, թէ ինք տակաւին կը յիշէ պատերազմի ընթացքին իրենց Տապլինի բնակարանը յաճախ այցելող անձ մը:

«Ճաշասենեակին կից կար սենեակ մը, ուր ձայնասփիւռի հաղորդիչ սարք մը  տեղադրուած էր: Մարդ մը ամէն շաբաթ օր կու գար եւ այդ սարքով պատգամներ կը ղրկէր Գերմանիա… եւ մենք` փոքրերս զայն կ՛անուանէինք պրն. Շաբաթ Երեկոյ»:

Ճիմ Օ՛Տոնովան մահացաւ 1979-ին, ըստ զինք ճանչցողներուն, առանց որեւէ զղջումի` նացիներուն հետ գործակցած ըլլալուն համար:

Շոն Ռասըլ, որուն համար նացիներու գաղափարախօսութիւնը գրեթէ ոչինչ կ՛ըսէր, մահացաւ 1940 թուականի օգոստոսին, Իրլանտա մեկնող գերմանական սուզանաւու մը վրայ:

«ԱՆԲԻԾ» ՀԱՄԲԱՒԸ

«Էս- ծրագիրը» ի վերջոյ ձախողութիւն մըն էր:

Իմոն տը Վալերայի համար ի՞նչ կրնային ըլլալ հետեւանքները, եթէ իր մարդիկն ու ժողովուրդը այն ատեն գիտնային այսօր բացայայտուածը

Հազիւ տարի մը ետք այդ ծրագիրը դադրեցաւ գլխաւորաբար վրիպած, անճարակ յարձակումներու շղթայի մը, դրամական անբաւարարութեան եւ ԻՐԱ-ի դէմ Լոնտոնի եւ Տապլինի մէջ տեղի ունեցած խորտակումի գործողութիւններու պատճառով:

Իրլանտայի մէջ ոմանք այդ օրերուն կրնային կասկածած ըլլալ, որ իրենց կառավարութիւնը գաղտնօրէն կը համագործակցէր Բրիտանիոյ հետ, երկիր մը, զոր շատեր տակաւին թշնամի կը սեպեն:

Սակայն միայն հիմա է, որ այդ կասկածը կարելի է հաստատել:

Մարդ կը տարուի մտածելու, թէ Իմոն տը Վալերայի համար ի՞նչ կրնային ըլլալ հետեւանքները, եթէ իր մարդիկն ու ժողովուրդը այդ ատեն գիտնային այսօր բացայայտուածը:

Տոննաչա Օպիչէյն, որ Տապլին քաղաքի համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է եւ հեղինակն է «Ֆիաննա Ֆէյլ եւ իրլանտական հանրապետականութիւնը» գիրքին, կ՛ըսէ.

«Ատիկա վստահաբար պիտի նսեմացնէր տը Վալերայի կերպարը, դիմագիծը` իբրեւ անարատ հանրապետական ղեկավարի մը, որ հերոսաբար եւ առանց ինքզինք խնայելու, անսակարկ ասպարէզ կարդաց Բրիտանիոյ: Կը կարծեմ, որ իրեն համար դժուար պիտի ըլլար ներկայացնելը այդ դիմագիծը, զոր շատ կ՛արժեւորէր:

«Այսպիսի համագործակցութեան քարոզչութիւնը շատ վնասակար պիտի ըլլար տը Վալերայի դիմագիծին եւ, ուրեմն, անոր ընտրական հեռանկարներուն համար»:

Եւ ինչպէս որ եղաւ, վարչապետ Իմոն տը Վալերա շարունակեց երկարատեւ եւ յաջող ասպարէզ մը` իրլանտական քաղաքականութեան մէջ:

Ան ութ ընտրութիւններ շահեցաւ 1930-ական, 1940-ական եւ 1950-ական թուականներուն եւ ասպարէզը աւարտեց իբրեւ Իրլանտայի նախագահ` 1959-1973 միջեւ, երբ 90 տարեկանին աշխարհի ամէնէն տարեց նախագահն էր:

Իսկ ԻՐԱ-ն այդ հանգրուանին յաջորդած քսան տարիներուն մնաց ուժաթափ, մինչեւ որ վերադարձաւ ականահարումներու այլ արշաւով մը` այս անգամ թիրախ դարձնելով Հիւսիսային Իրլանտան:

ՄԱՅՔ ԹՈՄՍԸՆ

«Պրիթիշ Ռետիօ 4»

 

Share this Article
CATEGORIES