50 Տարի Առաջ ( 16 Յունիս 1962 )

Խմբագրական

Վկայութիւն Մը

Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր, որոնց կարգին նաեւ` «Ազդակ» (15 յունիս), արտատպեցին «Քեթըլիք Տայճեսթ»-ի մէջ ծանօթ լրագրող Ուիլիըմ Պ. Էլլիսի կողմէ ստորագրուած յօդուած մը` «Մերձաւոր Արեւելքի իմաստուն մարդը» խորագրով: Նոյն յօդուածէն հատուածներ տրուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հեռատեսիլի կայանին կողմէ` սեփականութիւնը դառնալով համայն լիբանանցի ժողովուրդին:

Անշուշտ լիբանանցիք «Քեթըլիք Տայճեսթ»-ի հեղինակաւոր վկայութեան չէին սպասած` իրենց սիրելի նախագահին` զօրավար Ֆուատ Շեհապին մօտ հաստատելու համար պետական մարդու բարոյական այն բարձր արժանիքները, որոնց մասին այնքան ինքնաբուխ կերպով կը խօսի յօդուածագիրը` իր ընդարձակ յօդուածին մէջ: Բայց կասկած չկայ, թէ իւրաքանչիւր լիբանանցի, որ կը վայելէ զօրավար նախագահի վարչակարգին բարիքները, մասնաւորաբար` հանրային ապահովութեան, տնտեսական եւ ընկերային մարզերէ ներս, անխառն ուրախութեամբ տեսաւ նորին վսեմութեան հանդէպ իր կազմած գաղափարին եւ զգացումներուն ցոլացումը` Էլլիսի անպաճոյճ, այլ մարդկային հաղորդականութեամբ զեղուն տողերուն մէջ:

Արդարեւ, «Քեթըլիք Տայճեսթ»-ի յօդուածը մէկ առ մէկ վեր կ՛առնէ նախագահ Շեհապի արժանիքները` իբրեւ փայլուն զինուորականի ու պետական լայնախոհ մարդու, որ գիտցաւ փրկել Լիբանանը 1958-ի ցաւալի դէպքերէն ետք, վերադարձուց ազգային միութիւնը, համերաշխութիւն գոյացուց Լիբանանը բաղկացնող զանազան հոսանքներու միջեւ, վերականգնելով երկրին տնտեսութիւնը, այլ մանաւանդ` բարեկարգելով վարչական մեքենան:

Հեռու քաղաքական մանրուք հաշիւներէ, վեր` Լիբանանի քաղաքական հոսանքներուն մրցակցութենէն, նախագահ Շեհապ, ինչպէս այնքան իրաւացիօրէն կը վկայէ յօդուածագիրը, լիբանանեան սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին հանդէպ հաւատարիմ կեցուածքով մը դարձաւ ամէնէն ժողովրդավար ղեկավարը, որ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած ըլլայ, մասնաւորաբար` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

«Քեթըլիք Տայճեսթ» կ՛ըսէ. «Նախագահ Շեհապ կ՛ընդունի, որ ինք «ճառախօս» չէ, բայց իր ձայնը ազգին ձայնն է»: Շատ յստակ ու պարզ բառերու մէջ յօդուածագիրը խտացուցած է նախագահ Շեհապի պետական մարդու ըմբռնումը, որ կու գայ զինուորականի իր դաստիարակութենէն եւ կարգապահութեան ու պարտականութեան խոր գիտակցութենէն: «Մեծ համրը», ինչպէս յատկանշականօրէն կը կոչէ զինք «Քեթըլիք Տայճեսթ», ընդհանրապէս հեռու կը մնայ քաղաքական աշխարհիկ կեանքէն, բայց իր բարոյական հեղինակութեամբ ներկայ է պետական բոլոր պաշտօնատուներուն մէջ, ուր մտցուցած իր բարեկարգութիւնները հետզհետէ սկսած են արդիւնաւորուիլ:

Խոր գիտակցութեամբը Լիբանանի առաքելութեան, այս փոքր երկրին, որ մոլեգնօրէն փարած է իր անկախութեան եւ վեհապետական իրաւունքներուն, նախագահ Շեհապ պետական այն մարդերէն է, որոնք կը հաւատան լուռ եւ հիմնական աշխատանքներու արդիւնաւորութեան: Երկիր մը, որ զուրկ է նիւթական լայն աղբիւրներէ, բայց որ իր բարգաւաճումը կը պարտի իր զաւակներուն առասպելական ձեռներէցութեան եւ նաեւ վարիչներուն իմաստուն քաղաքականութեան, նախագահ Շեհապի մէջ կը տեսնէ խորհրդանիշը այն բարձր առաքինութիւններուն, որոնք կը պահանջուին արդի ժամանակներու պետական մարդոցմէն:

«Քեթըլիք Տայճեսթ» շատ յատկանշականօրէն կը յիշէ 20 յուլիս 1960-ը, երբ նախագահ Շեհապ, լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդին թախանձանքին ընդառաջելով, յօժարեցաւ վերստին գրաւել նախագահական աթոռը, որմէ պահ մը մտածած էր հրաժարիլ: Յօդուածագիրը կենդանի տողերով կու տայ սրտայոյզ պատկերը ժողովուրդի մը, որ իր 99 երեսփոխաններով խուժած էր նախագահական Պալատի պարտէզը` համոզելու համար, որ նախագահը չլքէ Լիբանանը:

Այդ տողերը կարդալով` լիբանանցիք պահ մը ետ գացին երկու տարի առաջուան այդ օրերը, երբ Լիբանան անգամ մը եւս փրկուեցաւ, Աստուած անգամ մը եւս եղաւ այս փոքր ու ազնուական երկրին հետ: Լիբանանցիներուն սիրտը ճմլող մտավախութիւնները փարատած էին, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի համոզուած էր, որ երկրի ու անոր ժողովուրդին վրայ հայրական հոգածութեամբ պահակ մը արթուն կը հսկէ Սարպայի պալատին մէջ, պատրաստ` նոր զոհողութիւններու, միշտ պատնէշին վրայ, ինչպէս եղած էր զինուորական իր փայլուն ասպարէզի օրերուն, որպէսզի ապրի ու բարգաւաճի այս գեղեցիկ երկիրը, ազատութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան այս օճախը:

Ամերիկեան մեծ պարբերաթերթին յօդուածը, այդ պատմական օրուան վերապրումը տալով լիբանանցիներուն, լաւագոյն վկայութիւնը ըրած կ՛ըլլայ նախագահ Շեհապի եւ լիբանանցի ժողովուրդի փոխադարձ սիրոյն եւ խանդաղատանքին:

Share this Article
CATEGORIES