Տուրմը Պիտի Անհետանա՞յ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սեւ, ճերմակ, կաթով կաղինով կամ նուշով` տուրմը թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ալ մեծերուն նախասիրած ուտելիքներէն մէկն է: Սակայն, դժբախտաբար, այս շատ ցանկացուած ուտելիքը կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուի: Այս վտանգին գլխաւոր պատճառը անոր մէջ գտնուող գլխաւոր բաղադրութեան նիւթն է` քաքաոյի հատիկը:
Ապիճանի մէջ, Փղոսկրեայ Ափունք, մասնագէտներ յայտարարեցին, թէ քաքաոյի արտադրութիւնը վտանգի ենթարկուած է: Եւ իբրեւ հետեւանք` տուրմը կրնայ անհետանալ 50 կամ 100 տարիէն:
Տուրմ պատրաստելու համար յատկապէս երկու նիւթի պէտք կայ` շաքար եւ, մասնաւորաբար մեծ քանակով քաքաօ: Այս գլխաւոր նիւթին տարեկան արտադրութիւնը 4 միլիոն թոն է: Ասիկա ահագին է: Արտադրիչ գլխաւոր երկիրները կը գտնուին Ափրիկէի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք, Ղանա, Նիկերիա, Քամերուն…), սակայն նաեւ` Ասիոյ մէջ (Ինտոնեզիա), եւ` հարաւային Ամերիկա (Պրազիլ, Էքուատոր…)
Բազմաթիւ վտանգներ կը սպառնան քաքաոյին: Նախ եւ առաջ, կարգ մը մակաբոյծ բոյսեր, ինչպէս` մղամուրճը: Այս բոյսը կը մագլցի քաքաոյի ծառին վրայ, կը ծծէ անոր խոնաւութիւնը եւ հանքային աղերը. բան մը, որ ծառը կը տկարացնէ, կամ նոյնիսկ զայն կը չորցնէ:
Քաքաոյի ծառը զոհն է նաեւ ծերութեան: Յատկապէս Ափրիկէի մէջ աղքատ երկրագործները կը շարունակեն մշակել քաքաոյի ծեր ծառերը, որովհետեւ անոնք բաւարար դրամ չունին աւելի երիտասարդ ծառեր տնկելու: Իսկ այս ծեր ծառերը շատ հատիկներ չեն արտադրեր: Հետեւաբար արտադրութեան որակը տարուէ տարի կը վատանայ:
Վերջապէս, քաքաոյի ծառերը կրնան զոհը դառնալ կլիմայի ջերմացման: Կլիմայի այս փոփոխութիւնը կրնայ հատիկներուն աճը դժուարացնել:
Այս հարցը շատ լուրջ է, որովհետեւ, ըստ պատասխանատուներուն, կրնայ ըլլալ, որ քաքաոն աշխարհի վրայէն անհետանայ 50 կամ 100 տարիէն, եթէ լուծումներ չգտնուին: Անշուշտ ասիկա մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ տուրմի տարբեր տեսակներու սիրահարներուն, սակայն հարցը շատ աւելի ծանր է: Այս անհետացումը դժուար պիտի ըլլայ յատկապէս աշխարհի մէջ աւելի քան 20 միլիոն երկրագործներուն համար, որոնք քաքաոյի արտադրութեամբ կ՛ապահովեն իրենց կեանքը:
Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է փրկել տուրմը: Ըստ մասնագէտներուն, այս աշխատանքը շատ դրամի կը կարօտի. պէտք է նաեւ հետազօտական մեծ ծրագիրներ մշակել` քաքաոյի ծառերու նոր տեսակներ աճեցնելու եւ մշակելու: Այս նոր տեսակները աւելի տոկուն պիտի ըլլան տաքութեան եւ մակաբոյծի բոլոր տեսակներուն:
Հետեւաբար, եթէ դուն հետաքրքրուած ես երկրագործութեամբ եւ բուսականութեամբ եւ կ՛ուզես տուրմը փրկել… Քաքաոն պէտք ունի մասնագէտ գիտնականներու, անոր օգնութեան հասնելու յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին:
Լուրեր` Աշխարհէն
– Ցուրիխի բնակիչները շատ կապուած էին այդ 123 տարուան հին շինութեան եւ չէին ուզեր զայն փլել: Հետեւաբար` ի՞նչ ընել: Պարզապէս զայն ուրիշ տեղ փոխադրել:
Այս նախկին գործարանը 63 մեթր տեղափոխուած է: Այս գործողութիւնը տեւած է գրեթէ 2 օր: 3 յարկանի, 80 մեթր երկար եւ 6200 թոն կշռող այս շէնքը նախ բարձրացուած է եւ ապա հրուած` յատուկ մեքենաներու միջոցով: Ապա ան դրուած է հսկայական երկաթագիծերու վրայ` յատուկ այս առիթին համար պատրաստուած: Ան յառաջացած է ժամական 3.50 մեթր արագութեամբ: Այս գործողութիւնը վտանգաւոր էր, որովհետեւ հսկան կրնար փուլ գալ: Ան այս տեսակի գործողութիւններուն Եւրոպայի մէջ կատարուած ամէնէն մեծն էր եւ արժած է 10 միլիոն եւրօ:
– 16 տարեկան աշակերտ մը կրցած է լուծել շատ խրթին խնդիր մը, որ առանց լուծումի մնացած էր 350 տարի: Ան գտած է ինչպէս հաշուել ընթածիրը` արձակուած առարկայի մը, որ կը գտնուի օդի ճնշումին ազդեցութեան տակ, եւ ապա կը ցատկէ: Այս նիւթը շատ կը հետաքրքրէ բանակը եւ ոստիկանութիւնը:
Այս փոքրիկ հանճարը կը կոչուի Շուրիա Ռէյ: Ան ծնած է Կալկաթա, Հնդկաստան, եւ չորս տարի է ի վեր կ՛ապրի Գերմանիա, Տրէծտ քաղաքը:
– 2010 թուականին գերմանացի գիտնականներ գորտի նոր տեսակ մը գտած են Փանամայի մէջ, Կեդրոնական Ամերիկա: Այս փոքր եւ զօրաւոր դեղին գոյնով անասունը անվնաս է… Բացի մատներուն համար: Գորտը բռնելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք գիտնականները անդրադարձած են, թէ գոյնը իրենց մատներուն վրայ անցած էր, եւ անոնք ամբողջ դեղին էին:
Հետեւաբար անոնք զայն անուանած են Տիասփորուս սիթրինոպաֆէուս, որ կը նշանակէ «դեղին ներկարար գորտ»:
– Աւստրալիացի Ճինա Ռայնհարթ աշխարհի ամէնէն հարուստ կինն է: Ան ժառանգած է երկաթի եւ ածուխի հանքեր, որոնք իրեն ժամական 1.5 միլիոն եւրօ կը շահեցնեն` անոր անձնական հարստութիւնը հասցնելով 22.6 միլիառ եւրոյի:
– Պոինկ 787 օդանաւ մը Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի միջեւ Խաղաղական ովկիանոսը կտրած է սպառելով քարիւղի եւ տապկելու իւղի խառնուրդ մը: Եւրոպայի մէջ ալ օդանաւային ընկերութիւններ կը փորձեն այս վառելանիւթը, որ օդը նուազ կ՛ապականէ եւ կարելիութիւնը կու տայ վերագործածելու ճաշարաններուն գործածած տապկոցի իւղերը:
Ինչո՞ւ Մեր Լեզուն Կ՛այրի,
Երբ Կծու Պղպեղ Կ՛ուտենք
Եթէ պատահած է, որ օր մը խածած էք կծու պղպեղ մը, վստահաբար ցաւ զգացած էք, որովհետեւ անիկա կծու էր: Կծու պղպեղները կը կճեն, որովհետեւ անոնք քափսէյսին կը պարունակեն Քափսէյսինը պղպեղի բոյսին բնական պաշտպանութեան միջոցն է` զինք ուտել փորձող անասուններուն դէմ:
Սակայն քափսէյսինը ո՛չ մէկը ազդեցութիւն ունի թռչուններուն վրայ: Ասիկա շատ լաւ բան մըն է, որովհետեւ թռչունները կ՛օգնեն բոյսին հունտերը սփռելու, եւ այս ձեւով աւելի մեծ թիւով պղպեղի տունկեր կը բուսնին:
Ինչո՞ւ Մարդիկ Կարգ Մը Ուտելիքներ
Կը Սիրեն Եւ Ուրիշ Ուտելիքներ Չեն Սիրեր
Գիտնականները կ՛ըսեն, թէ ժառանգականութիւնը իր դերը ունի մեր կարգ մը ուտելիքներ սիրելու կամ չսիրելու հարցին մէջ: Մասնագէտները կ՛ըսեն, թէ մեր ծիները կ՛որոշեն, թէ մենք համի քանի՛ բշտիկներ ունինք մեր լեզուներուն վրայ: Եէլ համալսարանէն մասնագէտ մը կը հաստատէ, թէ այն անձերը, որոնք համի աւելի շատ բշտիկներ ունին, կրնան աւելի լաւ ձեւով զգալ ուտելիքին համը, տեսակը եւ տաքութիւնը քան` այն անձերը, որոնք նուազ համի բշտիկներ ունին: Հետեւաբար, որքան անձ մը համի բշտիկներ ունի իր լեզուին վրան, այնքան աւելի հաճոյք պիտի առնէ իր կերածէն:
Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Տուրմը
Եթէ դուք տուրմի սիրահար մըն էք եւ պատրաստ էք մեծ գումարներ ծախսելու, կրնաք առիթը ունենալ համտեսելու ուտուելիք ոսկիի խաւով մը ծածկուած այս տուրմի կտորը, «Ուիսփա կոլտ»-ը:
Ոսկիի խաւով ծածկուած այս տուրմը կը ծախուի լոնտոնի «Սելֆրիճզ» վաճառատան մէջ եւ մէկ «մատիկը» կ՛արժէ 1.630 տոլար: Անիկա պիտի արձանագրուի մրցանիշներու գիրքին մէջ` իբրեւ «աշխարհի ամէնէն սուղ» տուրմի կտորը:
Տուրմին գինը կը համապատասխանէ անոր վրայի ոսկիէ զարդ-տերեւին գինին: Զայն արտադրող «Քետպըրի» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ անոր վաճառքի շահը պիտի տրամադրուի բարեսիրական հաստատութեան մը:
Գծենք
Ժամանց





