Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան «Հայկական Է, Պատուական Է» Խորագիրով Ճաշկերոյթը

Մտահոգիչ օրեր, քաղաքական անկայուն վիճակ, եկամուտի պահանջ… հայրենակիցներու ներկայութիւն, սակայն կամքն ու նպատակը կը պարտադրեն օրին գործ մը, կամ ձեռնարկ մը ջանք ու աշխատանքով յաջողութեան հասցնել:

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ,, հայկական է պատուական  անուան տակ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 2 յունիս 2012-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս` «Տոն Քասթիլլօ» ճաշարանին մէջ:

Ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանը, հիւրեր` Աւստրալիայէն եւ Լիբանանէն, գործատէրեր, Ուրֆայի եւ ազգակից ազգային բարերարներ, որոնք եղան ձեռնարկին յաջողութեան բանալիները:

Ձեռնարկին նպատակն էր կրթանպաստ հաւաքել միութեանս 110 սաներուն, որոնք կը յաճախեն հայկական վարժարաններ անխտիր:

Բացման խօսքը կատարեց միութեան ատենապետ Գէորգ Նալպանտեանը, որ շեշտը դրաւ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան 28 մայիս 1918-ի զուգահեռ Միութեանս 1923-ի հիմնադրութեան, որ մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ հայրենասէր, անկեղծ վարչականներու գուրգուրանքով, աշխատանքով, ինչպէս նաեւ` անվերապահ հայրենակից բարերարներու հսկողութեամբ, նեցուկ կանգնելով սաներու կրթական, ուսման կարեկից դառնալով: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ համալսարանական ուսանողներու ուսման թիկունք կանգնելու, որպէսզի առողջ, գիտութեամբ լի ապագայ վարչականներ ունենանք նորանոր յաջողութիւններու հասնելու համար:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ պատուոյ գիրի տուչութիւն երկու ազգանուէր հայրենակից ընտանիքներու, որոնք երեսուն տարի շարունակ նեցուկ կանգած են միութեան տարած բոլոր աշխատանքներուն` իրենց ներկայութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ:

Սոյն տուչութիւնը կատարուեցաւ առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայրենակցական միութիւններու կարեւորութեան մեր գաղութին մէջ: Ինչպէս նաեւ վեր առաւ բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութեան արժէքները, որոնք խթան կը հանդիսանան աշակերտներու ուսման մղումի: Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան, ինչպէս նաեւ` կրթական, մշակութային, աւանդական սովորութիւններու պահպանման աշխատանքին:

Ճաշկերոյթ-պարահանդէսի ընթացքին օրուան հանդիսավար Գէորգ Նալպանտեանը, Ուրֆայի բարբառով եւ անեքթոտներով հանդէս գալով, ճոխացուց մթնոլորտը. իսկ օրուան երգչուհին` Անիթա Խաչերեանը իր դիւթիչ ձայնով մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն երգեր: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ վարպետ տուտուկահար Յակոբ Քէլուքեանը` ներկայացնելով Սայաթ Նովայէն, Կոմիտասէն եւ աշուղներէ մեղեդիներ: Իսկ երկրորդ բաժինը սկսաւ խանդավառել ուրֆացի Գէորգ Մատարեանը, որ տոհմական մթնոլորտ ստեղծեց Ուրֆայի բարբառով երգեցողութեամբ. անոր կը նուագակցէր Վարդան Մազեան:

Մեր շնորհակալութեան խօսքը կ՛ուղղենք սրբազան հօր` ձեռնարկի հովանաւորութեան եւ իր ներկայութեան համար, մեր բարերարներուն, նուիրատու հաստատութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան

ձեռնարկին յաջողութեան:

Իսկապէս, երբ այս օրերուն կը գտնուին ազգանուէր հայրենակիցներ, որոնք թիկունք կը կանգնին հայրենակցական միութիւններուն եւ կը փաստեն հայրենակցական պատկանելիութեան կարեւորութիւնը, կանգուն կը մնան միութեան աշխատանքները պահելով պապենական աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու բարքերը տեղին է յիշել, որ ձեռնարկին ընթացքին տիկնանց միութեան շնորհակալ աշխատանքով անակնկալօրէն սեղանի վրայ հրամցուեցաւ ուրֆացիներու յատուկ սեմսեքն ու զերտէն:

Ապրի՛ք, ուրֆացիտէք. «Խող բռնէք ոսկի դառնայ, Ասուած ձեր տուածին հզար տայ. օտքմնիդ քարի չգայ»:

ՈՒ. Հ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES