Պօղոս Յովհաննէսեանի Յիշատակին

Յ. Պ. Վ.

Երկու կցկտուր խօսք` եղբ. Պօղոս Յովհաննէսեանի յիշատակին, որ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ անցեալ տարի այս օրերուն, հեռաւոր Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ:

Իրեն հետ մեր ծանօթութիւնը եւ ապա գործակցութիւնը կը սկսի յիսունական թուականներէն, երբ մարզական եռուն կեանք մը կար ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի նախկին ակումբին մէջ փինկ-փոնկի մարզական ճիւղին կապակցութեամբ:

Ան մարզիչն էր բառին իսկական առումով եւ իր շուրջ հաւաքուած էին տասնեակէ մը աւելի երիտասարդներ:

Սկիզբը պարզապէս փինկ-փոնկ խաղացող էր, աւելի ուշ, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ ախոյեաններ պատրաստելու առաքելութեան:

Եւ իրաւամբ իր աշակերտներէն շատերը դարձաւ լաւ խաղացողներ եւ նոյնիսկ` ախոյեաններ:

Համեստ մարդ մըն էր Պօղոս Յովհաննէսեանը եւ անցեալ տարի լռիկ-մնջիկ ալ հեռացաւ այս աշխարհէն:

Այդ օրերուն ես անհանգիստ էի ու ամբողջ երեք ամիս ու կարելի չեղաւ անդրադառնալ իր կատարած գործին: Բայց նաեւ ափսոս, որ իր աշակերտներէն եւ ոչ մէկը անդրադարձաւ իր մասին:

Համեստ մարդու ճակատագիր:

Եթէ այսօր լիբանանեան կամարին վրայ փինկ-փոնկի գծով փայլուն ախոյեաննր ունինք, ատիկա արդիւնքն է այն տքնաջան աշխատանքին, որ տարաւ եղբ. Պօղոս Յովհաննէսեանը ամբողջ քառասուն տարի:

Բարեբախտաբար իր գործը կը շարունակէ այսօր իր փայլուն աշակերտներէն Րաֆֆի Մունջօղլեանը, որ եղաւ նաեւ տարիներու Լիբանանի ախոյեան: Շնորհակալութիւն` իր կատարած գործին:

Սիրելի՛ եղբ. Պօղոս, կեանքը եւ պայմանները ստիպեցին քեզ, որ լքես այս երկիրը եւ քու սիրած միութիւնդ` աննման ՀՄԸՄ-ը:

Ունինք մխիթարութիւն մը սակայն, որ գործը կը շարունակուի` շնորհիւ քու սերմանած եւ պատրաստած աշակերտներուդ:

Եթէ անոնք մոռցան քեզ, ներէ: Անոնց կողմէ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի` անուանդ տարելիցին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի եւ աննման եղբ. Պօղոս Յովհաննէսեան:


12 յունիս 2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES