Զօր. Սերրա Այցելեց Պըրրիի, Միքաթիի Եւ Ղոսընի

Զօր. Սերրա եւ վարչապետ Միքաթի

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց զօր. Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Զօր. Սերրա այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, որ դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած խաղաղութեան մանրամասնութիւնները` նկատել տալով, որ երկրին մէջ տիրող ապահովական այդ կայունութիւնը բնական արդիւնքն է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան:

Ղոսըն յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Ազգային երկխօսութեան նիստը իր կարգին հանգիստ կը պահէ զիրենք եւ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ քաղաքացիներուն հոգեկան վիճակին վրայ:

Ղոսըն շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը արդիւնք են Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային այդ կայունութիւնը իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ երկրին տնտեսական եւ ապրուստի կացութեան վրայ:

Ղոսըն շեշտեց նաեւ, որ կառավարութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ արդիւնաւորուին` կոչ ուղղելով բոլորին համախմբուելու եւ միասնականանալու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին վստահելու իրենց ապահովութիւնը, որովհետեւ բանակն է, որ իր ուսերուն առած է երկրին պաշտպանութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան բեռը:

 

Share this Article
CATEGORIES