Կաֆօ Հրաժեշտի Այցելութիւն Մը Տուաւ Մանսուրի
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումէն ետք Կաֆօ յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան մակարդակը, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցելու առումով եւ հարաւային Լիբանանի մէջ նկատառելի խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու նուաճումով:
Կաֆօ յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ պաշտօնական այցելութիւններու վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնցմէ են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Սպանիա այցելութիւնը, որ յետաձգուած էր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն պատճառով:
Կաֆօ աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթի Սպանիա պիտի այցելէ յառաջիկայ սեպտեմբերին:
Միւս կողմէ, Կաֆօ ընդգծեց, որ ինք Մատրիտ պիտի մեկնի յառաջիկայ 1 յուլիսին:
Նշենք, որ Կաֆօ այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք խստիւ դատապարտեց Արսալի մէջ սուրիական բանակին կողմէ արձանագրուած ոտնձգութիւնները:


