Նահր Պարետի Մէջ Արձանագրուեցան Բախումներ

Երէկ երեկոյեան պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ արձանագրուեցան բախումներ լիբանանեան բանակին եւ գաղթակայանի բնակչութեան միջեւ:

Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Բախումները սկսան, երբ բանակը իր զետեղած անցարգելին դիմաց ձերբակալեց մոթորսիքլեթի վրայ գտնուող երիտասարդ մը, որ իր անձնական փաստաթուղթերը չունէր:

Այս դէպքին պատճառով գաղթակայանին բնակիչները փակեցին դէպի գաղթակայան տանող ճամբաները եւ անիւներ հրկիզեցին ճամբուն մէջտեղը` պահանջելով ձերբակալեալին ազատ արձակումը:

Աւելի՛ն. գաղթակայանին բնակչութիւնը յարձակում գործեց բանակին դէմ եւ փորձեց խոշտանգել սպայ մը, ինչպէս նաեւ կրակ բացաւ բանակին վրայ: Այս արարքին իբրեւ հետեւանք 6 զինուորներ վիրաւորուեցան:

Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց` ամրապնդելու համար իր դիրքերը, ինչպէս նաեւ փամփուշտով հակադարձեց կրակոցներուն:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ կրակոցներուն պատճառով երկու երեխաներ սպաննուած են:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES