«Կառավարութեան Նկատմամբ Ամերիկեան Զօրակցութիւնը Ողջունելի Է» Նշեց Փանոս Մանճեան
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը փաստած է, որ ինք կրնայ հակակշիռի տակ առնել երկրին ապահովութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը տակաւին լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային կարիք է, «եւ այդ պատճառով ալ մենք նկատեցինք, թէ Միացեալ Նահանգներ զօրակցութիւն յայտնեցին կառավարութեան, եւ այդ մէկը ողջունելի քայլ մըն է եւ կրնայ ծառայել իբրեւ սկիզբ` նոր եւ լաւ քայլեր առնելու», ըսաւ ան:
Նախարար Մանճեան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանամերձ շրջանները հարիւր առ հարիւր հակակշիռի տակ պահելը դժուար աշխատանք է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին դէպի Սուրիա զէնք չմաքսանենգելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

